Քուէյթ (Լրատուական ծառայութիւններ, Future TV-Պէյրութ)-Քուէյթի ապահովական մարմիններ յաջողած են երկրին դէմ պատրաստուող ահաբեկչական յարձակումներ կանխել: Այս մասին լուրը փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս նշած են, որ ապահովական մարմիններ անցնող ժամերուն յաջողած են ձերբակալել երեք ահաբեկչական բջիջներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ յարձակում նախապատրաստողները նպատակ ունէին ականել քաղաքի գլխաւոր մզկիթներէն մէկը: Լիբանանեան կայանին հաղորդմամբ, ահաբեկչական բջիջներու անդամներուն մեծ մասը քուէյթցիներ են, եւ անոնք կապ ունին Տահէշ խմբաւորումին հետ: