Դամասկոսի Արդարադատութեան պալատը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձած է: Այս մասին յայտնած են Սուրիոյ պետական լրատուամիջոցները, նշելով, որ զոհերու թիւը հասած է 25-ի:
Նշենք, որ սա վերջին հինգ օրերու ընթացքին երկրորդ պայթումն է եւ կը զուգադիպի Սուրիոյ պատերազմի 6-րդ ամեակին:
Ըստ աղբիւրին, ահաբեկիչը կարողացած է մուտք գործել Դամասկոսի Ալ Համիտիէ շրջանին մէջ գտնուող Արդարադատութեան պալատ, ուր ինքզինք պայթեցնելով ահաբեկչութիւն իրագործած է
Մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ կողմ ստանձնած է ահաբեկչական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: