Ահաբեկչական երկու պայթումներ այսօր գրանցուած են Ռուսաստանի Սենթ Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ: Ըստ «Ռօյթըրզ»ին պայթումները եղած են քաղաքի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ: Նախնական տուեալներով կան 10 զոհեր իսկ վիրաւորեալներուն թիւը անցած է 20-ը: «Թասս» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ քաղաքացիներու դիակներ տեսնուած են կայարանի գլխաւոր մուտքին մօտ:

