image

Յունիսի աւարտին Երեւանի բոլոր փապուղիները լուսաւորուած պիտի ըլլան

Յունիսի աւարտին Երեւանի բոլոր փապուղիները լուսաւորուած պիտի ըլլան

Կը շարունակուին Երեւանի փոխադրային փապուղիներու լուսաւորութեան ցանցի արդիականացման աշխատանքները։ Այս անգամ արտաքին լուսաւորութեան նոր ցանց տեղադրուած է Խանջեան փողոցի փապուղիին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանը:

«Նոր տեղադրուած լուսադիոդային (LED) ելեկտրականութիւն խնայող լամփերը ապահովում են լաւ տեսանելիութիւն եւ էլեկտրաէներկիայի զգալի խնայողութիւն:

Յունիսի վերջին նախատեսում ենք աւարտել Երեւանի բոլոր փոխադրային փապուղիների լուսաւորութեան արդիականացումը:

Անվտանգ երթեւեկութիւն ենք մաղթում վարորդներին»,- ըսուած է քաղաքապետարանի տարածած յայտարարութեան մէջ: