Իրանեան օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է ամերիկեան Պոյինկ ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագրի մասին, որ 40 տարիէ ի վեր ամենամեծը կը նկատուի: Այս մասին կը հաղորդէ AFP, նշելով, որ ընկերութիւնը 80 օդանաւ պիտի գնէ, հակառակ Ուաշինկթընի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն:
Ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Ֆերհաթ Փրորշ յայտնած է, թէ պայմնագրին համաձայն, Իրան 10 տարուան ընթացքին պէտք է ստանայ 737 տիպի 50 եւ 777 տիպի 30 օդանաւ:
Ըստ պաշտօնական լրատուական գործակալութեան, գործարքին արժէքն է՝ 16.6 միլիառ տոլար, եւ ան առաջինն է՝ 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք:
Նշենք, որ ամերիկեան ընկերութեան հետ համաձայնութիւնը կը կատարուի, հակառակ ամերիկեան ծերակոյտի կողմէ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու երկարաձգման քուէարկութեան պատճառած լարուածութեան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ յունուարին գործադրութեան դրուած էր՝ Իրան եւ 5+1 (ԱՄՆ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա) միջեւ 14 յուլիս, 2015-ին ձեռք բերուած «կորիզային համաձայնութիւն»ը, ըստ որուն Իրանի նկատմամբ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցները մասամբ պիտի վերացուէին սակայն ԱՄՆ նորընտիր նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբ ընտրարշաւին ընթացքին խոստացած էր չեղարկել այս համաձայնութիւնը: