image

33 Տարի Ետք ԱՍԱԼԱ-ի Մարտիկին Աճիւնները Փարիզ Փոխադրուեցան

33  Տարի Ետք ԱՍԱԼԱ-ի  Մարտիկին Աճիւնները Փարիզ Փոխադրուեցան

ԱՍԱԼԱ-ի (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ) անդամ Լեւոն Էքմէքճեանի   աճիւնները Փարիզ փոխադրուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  Պոլսոյ մեր  աղբիւրներէն:  Նշենք, որ աճիւններու  փոխադրութիւնը   կատարուած է   Փարիզ  բնակող  Էքմէքճեանի   հարազատներուն ցանկութեամբ:   Այս մասին   նաեւ  գրառում մը կատարած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան:  Գասպարեան իր ֆէյսպուքեան   էջին   գրառում մը  ընելով հաստատած է  աճիւններու փոխադրութեան լուրը  ու նաեւ  հաղորդած ,թէ    աճիւններու փոխադրութեան հանգամանքներուն մասին մամլոյ ասոպւլիս պիտի կայացուի յառաջիկայ    7  Յունուարին  Պոլսոյ մարդկային իրաւանց գրասենեակին մէջ: Նշենք,  որ Էքմէքճեան  1983 թուականին  Զօհրապ Սարգիսեանի հետ        յարձակում գործած  էր Անգարայի Էսէնպողա   օդակայանին մէջ գտնուող  թուրք   զինուորներու  կեդրոնի մը վրայ    եւ կրակ  բանալով  սպաննած  9    ու վիրաւորած    82 անձեր: Դէպքին  վայրը  սպաննուած է նաեւ   ԱՍԱԼԱ-ի   անդամ  Զօհրապ Սարգիսեան, մինչ Էքմէքճեան ծանրօրէն  վիրաւորուելէ ետք   կալանաւորուած է: Պէյրութ ծնած Էքմէքճեան  վեցամսեայ տանջանքներ կրելէ ետք   մահապատիժի կ'ենթարկուի: ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկը արդի  Թուրքիոյ պատմութեան մէջ  եղաւ վերջին  բանտարկեալը, որ  մահապատիժի կ'ենթարկուի: Թուրքիոյ իշխանութիւնները  հայ մարտիկին   մահապատիժի ենթարկած են 33  տարի առաջ ՝ 23 Յունուար 1983-ին: