image
Հրատապ լուրեր:

Հոլանտայի իշխանութիւնները մտահոգ են թրքական պետութեան գործելաոճէն

Հոլանտայի  իշխանութիւնները մտահոգ են թրքական պետութեան գործելաոճէն

Հոլանտայի իշխանութիւնները կը մտահոգէ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը՝ եւրոպական 15 երկրի տարբեր դպրոցներու մէջ թուրք երեխաներուն թրքերէնի եւ թրքական մշակոյթի դասեր իրականացնելու գաղափարը: Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռուտըն համոզուած է, որ ծրագիրը կրնայ խոչընդոտել տեղի թրքական համայնքի՝ հոլանտական հասարակութեան ընդելուզումը:

Ինչպէս կը գրէ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը, Թուրքիոյ կառավարութեան կից «Արտերկրի մէջ ապրող թուրքեր եւ ազգակից հասարակութիւններ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կը սպասուի, որ թուրք մասնագէտները դասընթացներ իրականացնեն տարբեր երկիրերու մէջ՝ նպաստելով, որ արտերկրի մէջ բնակող թուրք երեխաները չմոռնան մայրենին եւ հարազատ մշակոյթը:

«Պարզ է, որ անոնք աշակերտներուն պիտի չսորվեցնեն, թէ ինչպէս թրքական թխուացք պատրաստել: Այս դպրոցները պիտի չնպաստեն թրքական ծագմամբ ներգաղթեալներու ընդելուզման մեր հասարակութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ մոռանալ, որ այդ աշակերտները Հոլանտայի քաղաքացիներ են», - ըսած է Ռուտըն:

Ան նշած է, որ իրենք արդէն համապատասխան ստուգումներ սկսած են վերոնշեալ նախաձեռնութեան հետ կապուած:

«Եթէ անոնք այդ դպրոցներուն մէջ հակաժողովրդական գաղափարներ տարածեն՝ Հոլանտայի կառավարութիւնը պիտի միջամտէ», - նշած է վարչապետը: