image

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է սուրիահայերու ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է սուրիահայերու ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Այսօր ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը շրջած է Երեւանով, մասնաւորապէս ծանօթացած է Հիւսիսային պողոտայի մէջ սուրիահայերու տաղաւարներուն: 

Փաշինեանին ուղեկցած է նաեւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: 

Յիշեցնենք, որ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը կազմակերպուած էր Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Ճանչնալ: Պաշտպանել: Իրագործել:» ծրագրի շրջագիծէն ներս՝ «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան, Սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի կողմէն՝ Քարիթաս Աւստրիայի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: 

Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այս անգամ նուիրուած է Երեւանի 2800-ամեակին: