image

«Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ. Քաղաքապետ ՝Մարտիկ Պօղոսեան այցելած է տաղաւար

 «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ. Քաղաքապետ ՝Մարտիկ Պօղոսեան այցելած է տաղաւար

 Պէյրութահայութեան տրամադրութիւնը բարձր պահելու եւ ինչ որ չափով ստեղծուած մթնոլորտը դրական հունով մը երանգաւորելու իր ճիգին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը օրերս հովանաւորութիւնը ստանձնած է «Մեր շուկան» անունը կրող նախաձեռնութեան մը, որ տեղի ունեցած է անցնող շաբաթավերջին հայահոծ շրջանի ամենակեդրոնական հատուածին  մէջ գտնուող ՝«Մասթըր մոլ»   համալիրին մէջ։

ոյն ծիրէն ներս քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելութիւն մը տուած է եւ մօտէն շփում ունեցած մասնակիցներուն ու նաեւ շրջանի բնակչութեան հետ։

Ուշագրաւ է, որ հակառակ տիրող ամենաբարդ պայմաններուն լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մեծ եռանդով մասնակից դառնալ նման նախաձեռնութիւններու, յոյսը դնելով միասնաբար խնդիրները լուծելու եւ ապագային նայելու կամքին ու փորձառութեան վրայ։ 

 

 «Արեւելք» ստորեւ կը տեղադրէ այդ մասին Պէյրութի մեր գործընկեր «Ազդակ»ին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 14 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը «Մասթըր մոլ»-ի մէջ «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը իններորդ անգամն ըլլալով ներկայացաւ լիբանանահայութեան:

Օրուան հանդիսավար` Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ քանի մը ամիսներու բացակայութենէ ետք «Մեր շուկան» վերստին կը ներկայանայ հանրութեան` առաւել եւս ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտով: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց կրպակները եւ օրուան ընթացքին գործադրուելիք բաւական ճոխ յայտագիրը:

Այս անգամ «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 միութիւններ, հաստատութիւններ, նաեւ անհատներ: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին գիրքեր, զարդեղէն, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէն, ճաշատեսակներ:

Մեծ թիւով այցելուներու շարքին «Մեր շուկան» այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Յայտնենք, որ բոլոր այցելուները իրենց անունը արձանագրեցին մուտքին, եւ վիճակաձգութեամբ անոնցմէ ոմանք ստացան նուէրներ` տրամադրուած «Hayshop»-ի, նաեւ կարգ մը մասնակիցներու կողմէ:

Կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը այցելեց «Մեր շուկան»` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն եւ այցելուներուն մօտ:

Այս անգամ «Մեր շուկան» պարզեց աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը, որ արժանացած էր Լեռնալիբանանի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան, մուտք գործեց «Մասթըր մոլ», ներկաներուն ծափողջոյններուն ներքեւ, իսկ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ աւարտական 4-րդ հանգրուանին հասած ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը այցելեց «Մեր շուկան»:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Հայկական Թրիօ» խումբը, Վահան Թէքէեան վարժարանը, որ ներկայացուց մենապար մը, «Փոքրերու աշխարհ» եւ «Ուրախ հրեշտակ» մանկապատանեկան խումբերը, նաեւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Անթոնի Օպէյտ, Կարինէ Անդրանիկեան եւ Լարիսա` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: