image

Իրանհայ երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանի մեծարման երեկոյ Լոս Անճելոսի մէջ

Իրանհայ երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանի մեծարման երեկոյ Լոս Անճելոսի մէջ

31 Յուլիսին, Թեհրանի «Վահտաթ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանի մեծարման հանդիսութիւնը, որ երկարամեայ ստեղծագործական անցեալ եւ բեղուն դասախօսական աշխատանք ծաւալած է Իրանի երաժշտութեան ասպարէզին մէջ:

«Ալիք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ ձեռնարկը նախաձեռնած էր «Ռատ Նոյ Անտիշ» մշակութային-գեղարուեստական կեդրոնը՝ համագործակցութեամբ «Ռուտաքի» հիմնարկին:

Վարդան Սահակեան աւարտած է Գեղարուեստի բաժանմունքը եւ Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կողմէ անոր շնորհուած է գեղարուեստի առաջին կարգի վկայական (վերջինս համազօր է դոկտորական կոչման) եւ գնահատանքի արժանացած է «Ֆաճր» երաժշտական 27րդ փառատօնին ընթացքին:

Ան կը դասաւանդէ Իրանի զանազան համալսարաններու մէջ եւ անդամակցած է Իրանի ֆիլմի երաժիշտներու կեդրոնին: Անդամակցած է նաեւ «Ֆաճր» երաժշտական փառատօնի տարբեր տարիներու ժիւրիի կազմին, Իրանի երաժշտական տան մէջ: Ան նուագախումբին համար մշակած է իրանեան ազգային ստեղծագործութիւններ եւ թարգմանած երաժիշտ Նիկոլայ Ռիմսքի Քորսաքովի «Կիրառարական Ներդաշնակութիւն» գիրքը: Վարդան Սահակեան երաժշտութիւն մշակած է իրանեան շարք մը ֆիլմերու համար: Երկար տարիներ համագործակցած է Թեհրանի Հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող Մշակութային փառատօնի երաժշտական բաժինի իրաւարար կազմին հետ:

Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Իրանի եւ իրանահայ համայնքի երաժշտութեան, արուեստի եւ հասարակական բնագաւառի ականաւոր դէմքեր: Ներկայ էին Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան, Թեհրանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, «Ալիք» եւ «Հուսկ» հաստատութիւններու, ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկը մէկտեղուեցաւ ելոյթներով եւ գեղարուեստական կատարումներով: Ներկայացուեցաւ տեսաֆիլմ, որուն մէջ Իրանի երաժշտութեան երկնակամարի մեծերը կ՛արտայայտուէին անոր անհատականութեան ու մարդկային արժանիքներուն մասին:

Աւարտին Իրանի երաժշտութեան ոլորտին մէջ դասախօսներու, ինչպէս նաեւ մայէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանի ձեռամբ գնահատագիր յանձնուեցաւ վաստակաւոր դասախօս Վարդան Սահակեանին, որմէ ետք ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն՝ մատնանշելով Իրանին ու հայ արուեստին իրենց ծառայութիւնը մատուցած հայ արուեստագէտներուն, որոնցմէ շատերը ներկայ էին դահլիճին մէջ:

 
Լուրի  աղբիւրը ՝ «Ասպարէզ»