image

Յայտնի դերասանը կ՚ուզէ Եգիպտոս վերադառնալ ... Բայց...

Յայտնի դերասանը կ՚ուզէ Եգիպտոս վերադառնալ ... Բայց...

Երկար բացակայութենէ ետք եգիպտացի կատակաբան լրագրող Պասէմ Եուսէֆ իր ֆէյսպուքեան էջէն ուղիղ միացումով կապ հաստատած է իր հետեւորդներուն հետ:

Պասէմ պատմած է ԱՄՆ-ի մէջ իր առօրեային մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Եգիպտոսի ներքին քաղաքական հարցերուն:

Պատասխանելով երկիր վերադառնալու հաւանականութեան մասին ուղղուած հարցերուն Պասէմ նշած է, որ ինք մօտալուտ վերադարձի յոյս չի տեսներ, ելլելով երկրի ներքին անկայուն վիճակէն: Լրագրողը յայտնած է նաեւ, որ ինք Եգիպտոս մտնելէ չի վախնար, որովհետեւ իր մուտքը խանգարող հանգամանքներ չկան, սակայն հաւանական համարած է, որ կրկին անկէ դուրս գալու խնդիր ունենայ:

Անդրադառնալով իր «Նախագիծը» նախագիծին, զոր կը վարէր տակաւին Եգիպտոս գտնուած օրերուն, լրագրողը յայտնած է, որ այն յաջողութիւն կը գտնէր, որովհետեւ ինք ու իր գործընկերները Եգիպտոս կը գտնուէին, ծանօթ էին այն քաղաքական գետնի վրայ առկայ խնդիրներուն, զորս կը քննադատէին, սակայն այժմ հեռուէն հնարաւոր չէ քայլ պահել ներքին հարցերուն հետ եւ քննադատել զանոնք: