image

Արեւմուտքը կ՚ուզէ Հայաստանը Ռուսիոյ դէմ գործիք դարձնել. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց

Արեւմուտքը կ՚ուզէ Հայաստանը Ռուսիոյ դէմ գործիք դարձնել. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Մեծ Բրիտանիոյ զինուած ուժերու նախարար Ճէյմզ Հիփիի յայտարարութեան, այն մասին, որ  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Երեւանի անդամակցութեան հնարաւոր սառեցման մասին որոշումը Լոնտոնը կ՚ընդունի որպէս Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունք եւ պիտի աշխատի եւրոաթլանթեան դաշնակիցներու հետ՝ աջակցելու Հայաստանին Ռուսիայէն հնարաւոր սպառնալիքներու պարագային։

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պնդմամբ՝ նման յայտարարութիւնները կ՚ապացուցեն, թէ իբր Արեւմուտքը կ՚ուզէ Հայաստանը Ռուսիոյ դէմ գործիք դարձնել:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է հայ քաղաքական գործիչներուն լրջօրէն մտածելու ստեղծուած իրավիճակի մասին:

Նշենք, որ 11 մարտին, Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճէյմզ Հիփի յայտարարած է, որ Մեծն Բրիտանիան Հայաստանի իշխանութիւններուն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը կ՛ընդունի եւ պատրաստ է Ռուսիոյ սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար աջակցութիւն ցուցաբերելու: 

Ան՝ բրիտանական խորհրդարանի գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ընդգծած է, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ Երեւանի հետ` փնտռելով յարաբերութիւններու խորացման ուղիներ: