Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշողլու յայտարարած է, որ եթէ ժամանակին Թուրքիան ունենար «այն ուժը, ինչ այսօր»՝ երբեք թոյլ չէր տար «Ատրպէյճանի տարածքներու գրաւման», գրած է «ՀապէրԹուրք»-ը։
«Եթէ այսօրուան հզօր Թուրքիան ըլլար ատրպէյճանական հողերու գրաւումը տեղի ունեցած կ'ըլլա՞ր»,- ըսած է Չաւուշողլուն։
Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նաեւ պնդած է, որ եթէ չըլլայ Թուրքիան՝ որեւէ այլ երկիր չի պաշտպաներ Երուսաղէմի պաղեստինցիներու շահերը, քանի որ բոլորը «կը վախնան, կը փախչին»։