image

Հալէպ. Բանակի զինուորներուն արեան տուչութեան արշաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակին առթիւ (Լուսանկար)

Հալէպ. Բանակի զինուորներուն արեան տուչութեան արշաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակին առթիւ (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ, 24 ապրիլ 2017-ին, ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներու ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է նաեւ արեան տուչութիւն: 


Նկատի ունենալով, որ արիւն տալը մարդասիրական եւ ազգային պարտականութիւն է, յատկապէս, Սուրիոյ պատերազմական ծանր պայմաններուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ ծաղկեմատոյցէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցած է սուրիական պատերազմի վիրաւորներուն ու բանակի զինուորներուն արեան տուչութեան արշաւը՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին ապաստան տուած եւ օգնութեան ձեռք մեկնած Սուրիոյ ժողովուրդին։