image

Ֆրանսայի ճանաչումը Արցախին ոչ մէկ օգուտ կը բերէ. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Ֆրանսայի ճանաչումը Արցախին ոչ մէկ օգուտ կը բերէ. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը Փարիզի կողմէ ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ: Նման յայտարարութիւն ըրած է Ֆրանսայի ԱԳՆ-ին կից պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լեմուանը:

«Ֆրանսայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի միակողմանի ճանաչումը օգտակար չէր ըլլար ոչ մէկուն՝ ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ Ղարաբաղի բնակչութեան, ո՛չ Ֆրանսային, ո՛չ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահներուն, ո՛չ Եւրոպային»,- ըսած է պաշտօնեան:

Անոր խօսքով՝ այդ քայլը չարտացոլեր ֆրանսական կառավարութեան, Երեւանի եւ Փարիզի այլ գործընկերներու քաղաքականութիւնը:

Նշենք, որ աւելի վաղ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Սենատն ընդունած էր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը:

Բանաձեւը, ի թիւս այլ դրոյթներու, կը ներառէ հետեւեալ առանցքային կէտերը.

1. Կ'առաջարկէ կառավարութեան ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը,

2. Կը դատապարտէ Թուրքիոյ եւ օտարերկրեայ վարձկաններու աջակցութեամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակումն ու կը պահանջէ ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերում 27 սեպտեմբերէն ի վեր պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով գրաւուած տարածքներէն,

3. Կը պահանջէ կառավարութենէն գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակէն ներս բանակցային գործընթացի վերսկսման համար, որ կ'ապահովէ 1994 թուականի հաստատուած սահմաններու վերականգնումը, հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ տեղահանուած անձանց վերադարձը, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։

4. Բանաձեւին մէջ, յիշատակելով ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի հայկական ջարդերը եւ յղում ընելով Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (ԵԽ) ու Ցեղային խտրականութեան հարցերով ՄԱԿ կոմիտէի (CERD)` Ատրպէյճանի վերաբերեալ զեկոյցներուն, կ'արձանագրուի Ատրպէյճանի մէջ հայ բնակչութեան ապրելու անհնարինութիւնը։