image

Պաքուն արձագանգած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի յետկանչման

Պաքուն արձագանգած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի յետկանչման

Ատրպէյճան արձագանգած է Պաքուէն Ֆրանսայի դեսպանի յետկանչման:

«Պաքուի քայլերն ու պաշտօնական յայտարարութիւնները Փարիզի հասցէին միշտ եղած են միայն պատասխան Ֆրանսայի ապակառուցողական գործունէութեան: Հակառակ մեր երկրի դէմ զրպարտչական արշաւին, մենք միշտ բաց պահած ենք երկխօսութեան դռները»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն։

Ըստ Հաճիզատէի՝ Ֆրանսայի գործողութիւնները վերջին երեքուկէս տարուան ընթացքին «կասկածի տակ դրած են»  ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը եւ «նպաստած են» իրավիճակի սրման:

«Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններն ընդդէմ Ատրպէյճանի, որոնք արտացոլուած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, Եւրոմիութեան, Ֆրանքոֆոնիայի եւ այլ միջազգային հարթակներու վրայ փաստաթուղթերու եւ բանաձեւերու մէջ, ցոյց կու տան, որ այս երկրի՝ չէզոք միջնորդի դերով հանդէս գալու յաւականութիւնները լիովին անհիմն են: Միանգամայն պարզ է, որ Հայաստանը զինող եւ տարածաշրջանի մէջ ռազմատենչութիւնն առաջ մղող Ֆրանսայի գործողութիւնները չեն ծառայեր խաղաղութեան։ Ատրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտնած է Ֆրանսային, որ սպառնալիքներու եւ ճնշումներու լեզուով խօսիլը որեւէ արդիւնքի չի բերեր, եւ եւս մէկ անգամ կը յայտարարենք, որ պիտի ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ պաշտպանելու մեր ազգային շահերը»,- ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։