image

Մահացած է Յակոբ Գալայճեանը. Պէյրութեան թատրոնը կորսնցուց նուիրեալ մը

Մահացած է Յակոբ Գալայճեանը. Պէյրութեան թատրոնը կորսնցուց նուիրեալ մը

Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ մշակութային կեանքի աշխոյժ նուիրեալներէն՝ Յակոբ Գալայճեանը։

 

 Վաղահաս այս կորուստին մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։

 Երկար տարիներով հայ բեմին ու թատրոնին նուիրուած անձնաւորութիւն համարուող՝ Յակոբ Գալայճեանին անունը իր արժանաւոր տեղն ունեցաւ վաղ 80-ականներէն սկսեալ ծաղկում ապրած Լիբանանահայ թատերական ոլորտի ոսկեայ տոմարին մէջ։

 

 Ի դէպ Գալայճեանի մասին ուշագրաւ գրառումով մը հանդէս եկած է բեմադրիչ եւ դերասան՝ Յարութիւն Գնդունին. Գնդունի վերջին տարիներուն տարիներուն լծուած է լիբանանահայ թատերական կեանքին, թատրոնի «անյայտ» եւ յայտնի հերոսներուն, նուիրեալներուն, դերասաններուն ու բեմադրիչներուն նուիրուած ստուար հատոր մը պատրաստելու կարեւոր գործին։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Գնդունիի կատարած գրառումը վաղամեռիկ՝ Յակոբ Գալայճեանի յիշատակին։

 

 

Ոչ եւս է

 

ՅԱԿՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԸ

 

Լիբանանահայ թատրոնը վաստակաւոր մըն ալ կորսնցուց։

Յակոբ Գալայճեանը, տարիներու վաստակ ունէր որպէս դերասան, ան

 

Դերեր ստանցնած էր, լիբանանահայ եւ տեղացի(արաբ) բեմադրիչներու բեմադրութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ թաղական խորհրդի անդամ էր, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ։

Ան աշխատած էր, յատկապէս Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67» խումբին մէջ։ Շատ բան սորված էր Խտըշեանէն։

Յիշեմ Վ. Խտըշեանի բեմադրութիւններուն մէջ Յակոբին ստանցնած դերերէն քանի մը հատը միայն։

Լապիշ «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» (Վէզինէ),

Պարոնեան «Ատամնաբոժն Արեւելեան» (Թովմաս),

Շէյքսփիր «Վենետիկի Վաճառականը» (Սոլանիս),

Փինդր «Գիշեր Մը Դուրսը» ((Սիիլի),

Պարոնեան «Ալաֆրանկա» (Բիէռ),

Սայմըն «Հանրային Պարտեզին Մէջ Բոպիկ» (Պաշտօնեայ),

... եւ տասնեակներով դերեր վերցուցած էր նաեւ զանազան՝ հայ թէ օտար թատերախումբերու մէջ։

Յարգանք բեմական վաստակիդ Յակոբ Գալայճեան, հողը թեթեւ գայ վրադ, քեզ միշտ պիտի յիշենք։