image

Մահացած է Ուիլիամ Սարոյեանի հարսը

Մահացած է Ուիլիամ Սարոյեանի հարսը

ԱՄՆ-ի մէջ, 76 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի միակ որդիին՝ Արամ Սարոյեանին կինը՝ Գեյլին Սարոյեանը։  Այդ մասին տեղեկացուցած է ինքը՝ Արամ Սարոյեանը:  Անոնք ունին 3 երեխայ։

Գեյլինը իրլանտական ծագումով նկարչուհի է։  Արամ Սարոյեանը մրցանակակիր գրող է։ Ան, ստեղծագործելէ բացի,  զբաղուած է նաեւ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններու եւ կենսագրութեան հրատարակմամբ, վերլուծմամբ,  բայց միշտ նշած է, որ հօր հետ իր յարաբերութիւնները բարդ եղած են։

Արամ Սարոյեանը 77 տարեկան է: Գրող է նաեւ անոնց աղջիկներէն մէկը՝ Սթրոպերի Սարոյեանը: 

 

Արամ եւ Գեյլին Սարոյանները