image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Իտալացի բժիշկներու խումբ մը Երեւան հասաւ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Իտալացի բժիշկներու խումբ մը Երեւան հասաւ

Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, միջազգային համագործակցութեան ծիրէն ներս, Եւրոպական Միութեան Արտակարգ արձագանգման համակարգման կեդրոնի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան միջոցով (Emergency Response Coordination Center – ERCC) 26 Յունիսին Իտալիայէն Հայաստան ժամանած է Իտալիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութեան 11 բուժաշխատողներէ կազմուած մարդասիրական առաքելութիւնը:

Նոյն օդանաւով Հայաստան տեղափոխուած են նաեւ առաքելութիւնը իրականացնելու համար անհրաժեշտ առողջապահական պարագաներ:

Բժշկական անձնակազմին օդակայանը դիմաւորած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ՝ Անահիտ Աւանեսեանը, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ՝ Աւետ Ատոնցը, Հայաստանի մօտ Իտալիոյ դեսպան՝ Վինչենցո Տել Մոնաքոն, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար՝ Անտրէա Վիքթորինը, Ազգային Ժողովի Հայաստան-Իտալիա բարեկամական խումբի ղեկավար՝ Մարիա Կարապետեան:

Առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ երեք շաբաթ: