image

Հայ գիտնականներու ստեղծած նիւթը արդիւնաւէտ՝ «Քովիտ»ի դէմ պայքարին մէջ

Հայ գիտնականներու ստեղծած նիւթը  արդիւնաւէտ՝ «Քովիտ»ի  դէմ պայքարին մէջ

ՀՀ ԳԱԱ Ա.Բ. Նալպանտեանի անուան քիմիական բնագիտութեան ուսումնարանին մէջ հիմնարար գիտելիքներու հիման վրայ ստեղծուած է նոր սերունդի նիւթ` «Բիօքսիլ 2», որ կրնայ յաջողութեամբ օգտագործուիլ COVID-19-ի դէմ պայքարելու տարածքներու, մակերեւոյթներու, իրերու ախտահանման համար:

Այս մասին կը տեղեկացնէն ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն, նշելով, որ «Բիօքսիլ 2»-ը արդիւնաւէտ, քլոր չպարունակող, աշխոյժ թթուածինի հիման վրայ ստեղծուած ախտահանող-լուացող նիւթ է:

Այն անցած է փորձարկումներ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Ախտահանման կեդրոն» ՓԲԸ-ի եւ «Թուպերքուլոզի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի սնունդ արտադրող ձեռնարկութիւններու մէջ: Բոլոր փորձարկումներուն իբրեւ արդիւնք հաստատուած է «Բիօքսիլ 2»-ի բարձր արդիւնաւէտութիւնը, ՀՀ «Ստանդարտներու ազգային ուսումնարան»-ին մէջ հաստատուած են արհեստագիտական պայմանները:

«Բիօքսիլ 2»-ի արտադրութիւնը կը կազմակերպուի Քիմիական բնագիտութեան ուսումնարանի տարածքին մէջ հիմնուած արտադրամասին կողմէ, որուն հզօրութիւնը օրական 2 թոն է:

Ներկայիս «Բիօքսիլ 2»-ի արտադրութեան հիմնական պատուիրատուն ՀՀ ԳԱԱ նախագահութիւնն է, որ ձեռք բերած է այս ախտահանիչ նիւթը ՀՀ ԳԱԱ համակարգի կառոյցներու ախտահանման համար: