image

Բարի լուր Աբովեան քաղաքէն. Ծնած է 4,9 քկ քիլոկրամ կշռող փոքրիկ մը

Բարի լուր Աբովեան քաղաքէն. Ծնած է 4,9 քկ քիլոկրամ կշռող փոքրիկ մը

15 Փետրուարին Աբովեանի ծննդատան մէջ 4900 կրամ կշռող տղայ ծնած է:

Ծննդատան տնօրէն Նորայր Միքայէլեանը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ երեխան ծնած է բնական ճանապարհով եւ ծննդաբերութիւնը բարեյաջող աւարտած է. «Երեւի տեղեակ էք, որ մենք 2019 թուականի ընթացքին ձեռք բերինք ուլթրաձայնային եւ տոփլեր մշտական հետազօտման սարք՝ մեր յղիներուն բարձրորակ բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում տրամադրելու նպատակով: Մեր ծննդատունը երկրորդ կարգի ծննդատուն է եւ այստեղ կան բոլոր պայմանները բարձրորակ սպասարկում իրականացնելու համար: Այն, որ խոշոր պտուղ է, մենք մինչեւ ծննդաբերութիւնը, բնականաբար, գիտէինք եւ քանի որ պատրաստ էինք ընդունիլ, որոշում կայացուեցաւ, որ կինը կրնայ բնական ճանապարհով ծննդաբերել: Ծննդաբերութիւնը բարեյաջող աւարտեցաւ, ծնաւ արական սեռի երեխայ՝ 4,9 քկ քաշով եւ 54 սանթիմեթր հասակով»,-պատմած է Նորայր Միքայէլեանը:

Երեխան Առնօ անուանած են, տղան ընտանիքի երրորդ երեխան է: Ընտանիքը Աբովեանէն է: Մայրը՝ 35-ամեայ Անահիտը, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է, որ  ուլթրաձայնային եւ տոթլեր մշտական հետազօտման  շնորհիւ գիտէին, որ խոշոր պտուղ պիտի ըլլայ, բայց որ գրեթէ 5 քկ, չէր հաւատար. «Առնօն իմ երրորդն է, մեծս՝ աղջիկս, 10 տարեկան է, տղաս՝ 7: Բալիկս շատ սպասուած էր: Երկու երեխաներուս նոյնպէս այս ծննդատան մէջ ունեցած եմ ու վստահում էի բոլորին:

Ծննդաբերութեան ընթացքին, բնականաբար, չէի կեդրոնացած ո՛չ կշիռքի, ո՛չ հասակի վրայ: Դարձեալ մայրանալու բերկրանքը կ'ապրէի: Բայց դուք միայն պէտք է տեսնէիք, թէ ծնունդն ընդունող անձնակազմը ինչպիսի սրտցաւութեամբ, ինչպիսի սիրով ու պատասխանատւութեամբ իրենց գործը կ'ընէին: Պահ մը բոլորը իրար անցած էին, եւ հսկաս ծնաւ:

Ծննդաբերութենէն ետք միակ խնդիրը, որ ունեցանք, հագուստի խնդիրն էր: Ես, բնականաբար, ինծի հետ տարած էի սովորական նորածինի շապիկներ, տոտիկներ, որոնք անով չափով չէին: Ձեւով մը հագցուցինք, յարմարցուցինք, մինչեւ նոր հագուստներ բերին:

Ես, իսկապէս, շատ շնորհակալ եմ ծննդատան ամբողջ կազմին՝ սրտցաւութեան եւ առողջ բալիկ զիս պարգեւելու համար»,-ըսած է Անահիտը:

Նշենք, որ երեխան իրեն լաւ կը զգայ, մայրիկը՝ նոյնպէս: