image

«Քորոնա»ի հարցով Լիբանան պայքարի «կարեւոր փուլ»ի մը մէջ

«Քորոնա»ի հարցով Լիբանան պայքարի «կարեւոր փուլ»ի մը մէջ

Լիբանանը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի «շատ կարեւոր փուլ» մտած է: Այս մասին քարանթինը խստացնելու նոր միջոցառումներու քննարկման համար նախարարներու հանդիպման նախաշեմին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Հասան Տիապը:

Անոր խօսքով՝ շատ լիբանանցիներ նախկինի պէս ժահրը առասպել կը համարեն եւ անոր լուրջ չեն վերաբերիր: «Մենք մտեր ենք շատ կարեւոր գօտի՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման առումով, կամ գոնէ կը գտնուինք այդ գօտիի դարպասներուն մօտ»,- ըսած է Տիապը:

Տօներուն յաջորդած վարակներու նոր աճէն ետք Լիբանանի կառավարութիւնը սահմանած է համազգային քարանթին եւ գիշերային պարէտային ժամ:

Խորացող տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համաճարակի հետ կապուած Լիբանանի գործողութիւնները կը գտնուին ակնդէտ ուշադրութեան կեդրոնը, եւ շատերը կ'ըսեն, որ անվճռական քաղաքականութիւնը չէ կարողացած այն զսպել: Չնայած վարակներու թիւի աճին՝ կառավարութիւնը Սուրբ ծննդեան եւ Ամանորի տօնակատարութիւններէն առաջ մեղմացուցած է սահմանափակումները՝ յոյս ունենալով խթանել փլուզող տեղական տնտեսութիւնը: Քանի մը ամիս փակուած պարերուն եւ գիշերային ակումբներուն թոյլատրուած է գործել: Կիրակի օրը հիւսիսային Թրիփոլի նահանգին մէջ թոյլատրուած է հանդիսատեսի ներկայութեամբ ֆութպոլային հանդիպում կայացնել: