image

ԱՄՆ-ն պիտի չմասնակցի թրքական ռազմական գործողութիւններուն Սուրիոյ մէջ

ԱՄՆ-ն պիտի չմասնակցի թրքական ռազմական գործողութիւններուն Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւններու մասնակցութենէն՝ Միացեալ Նահանգներու հրաժարումը, ըստ էութեան, «կը կապէ» Անգարայի ձեռքերը,- նման կարծիք յայտնած է Ֆրանքլին Ռուզվելթի անուան Ուսումնասիրութիւններու հիմնադրամի տնօրէն Եուրի Ռոկուլեւը:

Աւելի վաղ պաշտօնական Ուաշինկթընը յայտարարած էր, որ ԱՄՆ զինուժը պիտի չմասնակցի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն: Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է նախագահներ Թրամբի եւ Էրտողանի հեռախօսազրոյցէն ետք, նշուած է, որ այսուհետեւ Թուրքիան պատասխանատւութիւն պիտի կրէ վերջին երկու տարիներուն գերեւարուած ԻՊ գրոհայիններուն համար:

«Սակայն,- աւելցուցած է Ռոկուլեւը,- Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, ամերիկացիները այդ երկրին մէջ ռազմական խոշոր կայաններ ունին, ուստի Ուաշինկթընը չի կրնար կորսնցնել նման դաշնակից մը»: