image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական բանակը գերեվարած է Սուրիայէն Ատրպէյճան հասած վարձկան մը.Տեսանիւթ

Հայկական բանակը գերեվարած է Սուրիայէն  Ատրպէյճան  հասած վարձկան  մը.Տեսանիւթ

ՊԲ-ի ստորաբաժանումները գերեվարած են հերթական ահաբեկիչը, որու նոյնիսկ հպանցիկ հարցաքննութիւնը որեւէ կասկած չի թողներ ատրպէյճանական ճակատային գիծին վրայ ահաբեկիչներու առկայութեան մասին, կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Գերեվարուած իսլամիստ-ծայրայեղական ահաբեկիչին անունը Մեհրետ Մուհամմատ Ալշխեր է:

Ծնունդով Սուրիոյ Համա քաղաքէն:

Կը պատմէ, որ ամուսնացած է եւ ունի երեք երեխայ: Կը խոստովանի, որ Թուրքիոյ կողմէն 250 այլ ահաբեկիչներու հետ միասին ատրպէյճանաարցախեան ճակատային գիծին վրայ յայտնուած է 19 հոկտեմբերին: Իրենց խոստացած էին 2000 տոլար վարձավճար, որ սակայն չէ վճարուած:

Վիրաւորուելէն ետք զինք լքած են զինակիցները: Կը պատմէ, որ ճակատային գիծին վրայ իրենք կ'երթան առջեւէն, իսկ 2-րդ, 3-րդ գիծով առաջ կը շարժուին ատրպէյճանցի զինուորականները: Նախքան ռազմաճակատ բերուիլը, մասնակցած են ճամբարային հաւաքներու, ուր իրենց հետ աշխատած են թուրք ռազմական հրահանգիչները: