image

482 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 254-ի

482 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 11 254-ի

Հայաստանի մէջ,  29 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 25 127 դէպք, որոնցմէ 13 297` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 254 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 110 571 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 482  նոր դէպք եւ  181 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 433):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 82, 67, 67 տարեկան տղամարդիկ եւ 63, 66, 84, 96 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 143 է: