image

Հայաստանի վարչապետը յառաջիկայ ամիս պիտի հանդիպի Լոս Անճելոսի հայութեան հետ

Հայաստանի  վարչապետը    յառաջիկայ ամիս  պիտի  հանդիպի  Լոս Անճելոսի  հայութեան հետ

 ՀՀ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբերի 22-ին  պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ եւ Լոս Անճելոսի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

    Այս մասին ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը։ Ան Լոս Անճելոսի հայերուն հրաւիրած է մասնակցելու քաղաքի «Կրանտ Փարք»ի  մէջ տեղի ունենալիք հաւաքին:

 

Փաշինեան, որ կարեւորած է Լոս  Անճելոսահայութեան    դիրքորոշումը   կապուած  Հայաստանի մէջ իրականացուած «Թաւշեայ  յեղափոխութեան»   նաեւ   նշած է, որ  իր  տեսակէտով Լոս Անճելոսը   սփիւռքի  հայութեան   գլխաւոր  կեդրոնն է։