image

«Մեծագոյն քաջալերողը ընտանիքս էր». Թորոնթօ հաստատուած հալէպահայ երգիչ՝ Լեւոն Գարակիւլէեան (Տեսանիւթ)

«Մեծագոյն քաջալերողը ընտանիքս էր». Թորոնթօ հաստատուած հալէպահայ երգիչ՝ Լեւոն  Գարակիւլէեան (Տեսանիւթ)

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ երգիչ, ճարտարապետ՝ Լեւոն Գարակիւլեանը, որ 2012-ին, պատերազմի պատճառով տեղափոխուած է Հայաստան, իսկ 2016-էն արդէն հաստատուած է Գանատա-Թորոնթօ:

 

-Ի՞նչ հանգամանքներու բերումով  ընտրեցիք երգի ասպարէզը:


Իմ կարծիքով, երգը եւ երաժշտութիւնը մարդուս հետ կը ծնին, եւ տարիներու ընթացքին մարդ ինք կ'որոշէ իր ձիրքը ինչ ձեւով զարգացնել եւ ներկայացնել հանրութեան: Իմ պարագայիս, ես մեծնալով երաժշտական ընտանիքի մէջ, փոքր տարիքէս արդէն տարբեր երաժշտական գործիքներ նուագած եմ եւ ինծի համար երգն ու երաժշտութիւնը դարձած են կեանքիս հիմնական մասնիկը: Ատոր կողքին, ընտանիքս շատ քաջալերած է ինծի, որ երաժշտութեան մէջ առաջ երթամ եւ բարձր դիրքերու հասնիմ: Ինծի համար ալ մինչեւ այսօր, երբ  լաւ չեմ զգար, տրամադրութիւնս ինկած կ'ըլլայ, երգն ու երաժշտութիւնը միշտ կ'օգնեն դուրս գալ այդ վիճակէն:

Ի միջի այլոց, նշեմ, որ երգով կը զբաղուիմ սիրողական մակարդակով, իմ բուն մասնագիտութիւնս ճարտարապետութիւնն է: Հաէպի մէջ երկու տարի ուսանելէ ետք, Երեւան տեղափոխուեցայ եւ հոն շարունակեցի ուսումս, շրջանաւարտ ըլլալով Երեւանի ճարտարապետական եւ շինարարական համալսարանէն, 2015-ին: Երեւանի մէջ սկսած էի աշխատիլ իմ մասնագիտութեամբ երկու տարբեր ընկերութիւններու մէջ եւ Թորոնթօ փոխադրուելէս վերջ, ծանօթացայ հայ   երիտասարդի մը, որուն հետ կ'աշխատիմ, ձեւաւորման եւ ճարտարապետութեան ընկերութեան մը մէջ:

 


 

-Գիտենք, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով դուք ստիպուած եղաք հեռանալ Միջին Արեւելքէն եւ  ներկայիս կ'ապրիք Գանատա: Արդեօք գո՞հ էք, թէ՞ հոն ալ  կան դժուարութիւններ:


Բոլորին համար կը կարծեմ դժուար է նոր, իրենց համար օտար միջավայրի մէջ յայտնուիլը։ Այդ դժուարութիւնը կար նոյնիսկ Հայաստանի պարագային, որ հայրենիք ըլլալով, այդքան օտար չէր մեզի համար, մանաւանդ, որ նախքան պատերազմը հայրս ամէն ամառ մեզի Հայաստան կը տանէր, որպէսզի տեսնէինք ու ծանօթանայինք մեր հայրենիքին, բայց այնուամենայնիւ, մեզի համար վերջնականապէս փոխադրուիլն ու նոր կեանք սկսիլը տարբեր բան մըն էր: Երբ Գանատա եկայ, դարձեալ շատ դժուարութիւններու հանդիպեցայ սկզբնական շրջանին մանաւանդ, երբ ծանօթ չէի ոչ քաղաքին, ոչ ժողովուրդին, ոչ օրէնքներուն: Այդ դժուարութիւնները յաղթահարելը հեշտ չէր, բայց Գանատայի կառավարութիւնը, մեզի, իբր սուրիահայ, շատ դիւրութիւններ տուաւ, առաջին օրէն իր քաղաքացիներուն համահաւասար բոլոր իրաւունքները շնորհեց, հոգեպէս եւս մեզի շատ օգնեցին՝ իրենց ընդունելութեամբ եւ վերաբերմունքով, բոլոր սուրիահայերուն գործով ապահովեցին, որպէսզի կարենան իրենց կեանքը տնօրինել, ամէն ձեւով օգնեցին դասաւորել մեր կեանքը:  Վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին կը յաղթահարենք մնացեալ դժուարութիւններն ալ:

 


 

-Այլ հայ երգիչներու հետ կը շփուի՞ք Գանատայի մէջ, կրցա՞ք երաժշտական ձեր միջավայրը ստեղծել, գտնել:


Այո, ես ներկայիս կ'երգեմ Գանատայի Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն, նաեւ սոլիսթ եմ: Մօտ երկու տարի է կ'աշխատիմ հայ երաժիշտներու հետ, որոնց հետ տարբեր տեսակի համերգներ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ, համերգներ ունեցանք նաեւ Գէմպրիճի եւ Մոնրէալի մէջ:

Ինչպէս գիտէք, Գանատան բազմամշակութային երկիր է, եւ շատ ուրախալի է, որ Թորոնթոյի նման մեծ քաղաքի մը մէջ, ուր տարբեր տեսակի ժողովուրդներ կ'ապրին, հայերը կրցած են ձեռք  բերել ակումբ մը , որ իր շուրջ համախմբած է հայ գաղութը, եւ ես հպարտ եմ, որ մաս   կազմեցի հայ կեդրոնին, ուր կրնամ հայ երգով եւ հայ երաժշտութեամբ ներկայցնել իմ հայութիւնս՝ իրենց : Իրենց հետ աշխատիլը ինծի շատ բան սորվեցուց:

 


 

-Ո՞ր ժանրը աւելի կը սիրէք երգել, ո՞ր ժանրին մէջ աւելի դուք ձեզ կը գտնէք:


Ես կ'երգեմ ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ անգլերէն լեզուներով: Հայերէն երգերուն մէջ կը սիրեմ ժողովրդական, հայրենասիրական երգերը, բեմային կատարումներուս մէջ հայերէն երգերով կը սիրեմ ներկայացնել հայրենիքս՝ Հայաստանը։Անգլերէնի մէջ ալ կը սիրեմ ճազայինը եւ փոփը:

Այդ ուղղութեամբ կ'աշխատիմ տարբեր երաժիշտներու հետ, որպէսզի կարենամ իմ ժանրիս մէջ անգլերէն նոր երգեր պատրաստել: Արդէն քանի ամիս է, որ կ'աշխատիմ խումբի մը հետ, յուսամ մօտ օրէն լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք իրենց հետ: Ազատ ժամանակս գրեթէ լեցուցած եմ երգով եւ երաժշտութեամբ:

 


 

 

-Խօսելով այսօրուան երգիչներուն մասին, ձեզի համար ո՞վ է այդ «կերպար» երգիչը, որուն մէջ դուք յաջողութեան հասած մարդու արժանիքները կը տեսնէք, եւ  որ լաւ մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալէ:


Ինծի համար երաժիշտի մը արժանիքը միայն իր ներկայացուցած երաժշտութեան մէջ չէ, այլ նաեւ իր անձին, բնաւորութեան, ժողովուրդին հանդէպ իր մօտեցման մէջ: Անշուշտ երգը, երաժշտութիւնը, ձայնային տուեալները շատ կարեւոր են, բայց բաւարար չեն: Այս առումով, եթէ հայ երգիչներուն անդրադառնամ, շատեր կան, որոնց կերպարը եւ երգերը սիրած եմ, եթէ անուն պէտք  է տամ, կրնամ նշել Ռազմիկ Ամեանը, որուն երգերէն արդէն կը կատարեմ համերգներու ընթացքին, կը սիրեմ նաեւ Յարութ Փամպուքճեանը, որուն երգերը մեզի համար մեծ արժէք կը ներկայացնեն:

Գալով եւրոպական աշխարհի երգիչներուն, ճազային ոճի մէջ միշտ սիրած եմ Ֆրանք Սինաթրան, որ յաճախ իր երգերէն կը ներկայացնեմ, կը սիրեմ նաեւ Խուլիօ Էկլեսիասը. Իսկ եթէ այսօրուայ արուեստագէտներէն պիտի նշեմ, կ'առանձնացնեմ Ատելը, որ բացի լաւ երգեր ունենալու, ունի նաեւ  շատ մը իւրայատկութիւններ, տարբեր է բոլորէն իր գաղափարներով, իր մօտեցումով, բան մը, որ  շատ կը գնահատեմ եւ կը սիրեմ: