image

Որեւէ յայտարարութիւն, որ չէ հնչած կամ հաստատուած վարչապետի կողմէ՝ պաշտօնապէս կը հերքուի․ խօսնակը՝ տաւուշեան հանդիպումներու մասին

Որեւէ յայտարարութիւն, որ չէ հնչած կամ հաստատուած վարչապետի կողմէ՝ պաշտօնապէս կը հերքուի․ խօսնակը՝ տաւուշեան հանդիպումներու մասին

Վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը դիմատետրի էջին անդրադարձած է Փաշինեանի տաւուշեան հանդիպումներու մասին տարածուող լուրերուն․

«Ոսկեպար, Կիրանց, Բերքաբեր գիւղերում այսօր տեղի ունեցած հանդիպումներից յետոյ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին որոշ աղբիւրների կողմից վերագրւում են տարբեր յայտարարութիւններ։

Որեւէ յայտարարութիւն, որը չի հնչել կամ հաստատուել վարչապետի կամ նրան ներկայացնելու իրաւասութիւն ունեցող պաշտօնեայի, պետական մարմնի կողմից՝ պաշտօնապէս հերքւում է»,- գրած է Բաղդասարեանը։

Յիշեցնենք, որ քաղաքագէտ Սուրէն Պետրոսեանն ըսած էր, որ Փաշինեան ոսկեպարցիներուն ըսած է՝ 90 տոկոսով պայմանաւորուածութիւն ունինք Ալիեւի հետ, որ կը մնանք կանգնած նոյն դիրքերու վրայ։