image

«Երբեք զինուորի խօսքի մասին չիմանար սպան եւ՝ հակառակը». Մանուէլ սարկաւագը՝ բանակի մէջ ծառայութեան մասին

«Երբեք զինուորի խօսքի մասին չիմանար սպան եւ՝ հակառակը». Մանուէլ սարկաւագը՝ բանակի մէջ ծառայութեան մասին

Հայոց բանակի կազմաւորման 27-րդ տարեդարձի առթիւ ՀՀ ՊՆ գերատեսչական մետալով պարգեւատրուողներու շարքին էր նաեւ Մանուէլ սրկ. Սարգսեանը: Ան արդէն մէկ տարի է` որպէս գնդերեց իր ծառայութիւնը կ'անցընէ ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ:

Մէկ տարուան հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին Մանուէլ սարկաւագը հասցուցած է ընկերանալ թէ՛ սպաներու, թէ՛ ժամկէտային զինծառայողներու հետ:

Որպէս գնդերեց, բացի զինուորներու հետ իրականացուելիք ընդհանրական աղօթքներէն, ժամերգութիւններէն, հոգեւոր բնոյթի զրոյցներէն ու դասախօսութիւններէն, այս ընթացքին ան կազմակերպած է բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ, որոնց շնորհիւ զինծառայողները ծանօթացած եւ հաղորդակից դարձած են հայոց աշխարհի սրբատեղիներուն:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին սփիւռքէն եկած եւ հայերէնին չտիրապետող զինուորներուն համար կազմակերպած է մայրենիի ուսուցման դասընթացներ եւ այսօր կը վստահեցնէ, որ զօրամասին մէջ չկայ մէկը, որ չի տիրապետեր հայերէնին:

«Այս ընթացքում տասնեակ զինուորների ենք մկրտել պատմական Դադիվանքում, հերթական մկրտութիւնը տեղի կ'ունենայ առաջիկայ օրերին:

Անչափ խորհրդաւոր եւ իմաստալից է յատկապէս զինուորների մկրտութիւնը: Նրանք իրենց որպէս կնքահայր են ընտրում ծառայակից ընկերներից կամ վերադաս սպաներից մէկին:

Մկրտութիւնից յետոյ նրանց զինուորական ընկերութիւնը վերածւում է ընտանեկան բարեկամութեան:

Այդ ժամանակ արդէն առաւել ընգծւում է կնքահայր-սանիկ յարաբերութիւնները` համեմուած ծառայողական դժուարութիւններով, միմեանց հանդէպ սրտացաւութեամբ եւ հոգատարութեամբ»,- «Արեւելքի» հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Մանուէլ սարկաւագ Սարգսեանը, աւելցնելով, որ նորակոչիկներու հետ առաջին հանդիպումէն ետք ունեցած ճանաչողական զրոյցը կը վերածուի պարբերական հանդիպումներու:


 

Զինուորները հոգեւորականին հետ կը զրուցեն ամենատարբեր հարցերու շուրջ.

«Հետաքրքիր է ամէն մի զինուորի ընկալումը հոգեւորականի հանդէպ:

Մէկը կարող է իր անձնական, ընտանեկան կեանքով կիսուել, միւսը` ծառայութեան դժուարութիւնների, իսկ երրորդը` պարզապէս կարող է մօտենալ եւ ուղղակի Աստծուց եւ քրիստոնէութիւնից զրուցել:

Ինձ համար առաւել կարեւոր է զինուորներին ուրախ տեսնելը: Երբ դիմաւորում են ժպիտներով, անհնար է նրանց վարակիչ ժպիտներին ջերմ ողջոյններով չպատասխանելը:

Նոյն կերպ է նաեւ սպաների հետ: Բայց թէ՛ զինուորները, թէ՛ սպաներն ինձ մօտ ազատ են իրենց զրոյցներում, քանի որ լաւ գիտեն, որ երբեք զինուորի խօսքի մասին չի իմանայ սպան եւ՝ ճիշդ հակառակը: Յաճախ նման զրոյցներն ուղեկցւում են օգտակար խորհուրդներով»,- որպէս գաղտնիք կը փոխանցէ ան:

 

 


 

Մեր զրոյցի ընթացքին գնդերեց Սարգսեանը նաեւ կ'ըսէ, որ յաճախ կը զանգեն զինուորներու ծնողները  եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն իրենց զաւակներուն այս կամ այն հարցին վերաբերեալ օգնելու համար: «Բայց դա մեզ` հոգեւորականներիս համար աւելի շատ պարտականութիւն է, քրիստոնէական պատգամ` աւանդուած Յիսուս Քրիստոսից»,- կ'իսէ իր ծառայութիւնը հայոց բանակի մէջ անցընող հոգեւորականը: