image

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին Պէյրութ կատարած այցը (Լուսանկարներ)

ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին Պէյրութ կատարած այցը (Լուսանկարներ)

Ազգովին պէտք չէ կորսնցնենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ պետութեան հանդէպ վստահութեան վերականգնման այս ոսկեայ առիթը: Այս մասին խօսեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, երէկ երեկոյեան, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած բանախօսութեան, ուր ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկեշէրեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայացուցիչ Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Լօշխաճեան, Պէյրութի Քաղաքապետարանի անդամ, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեան, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Վազգէն Ժամկոչեան, ինչպէս նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող միաւորներու անդամներ:

 

 


 

Բանախօսութենէն առաջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղուեցան Փարամազի կիսանդրիին առջեւ: 

 


Բացման խօսքը կատարեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Ընկ.հի Անի Եփրեմեան: Ան ներկայացուց ատենապետ ընկերոջ հակիրճ կենսագրականը եւ նշեց, որ Հայաստան այսօր կ'ապրի զարթօնքի օրեր:



«Նոր Հայաստան, նոր մարտահրաւէրներ» խորագրեալ բանախօսութեան մէջ, Ընկ. Սարաֆեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ անկախութեան օրերէն ի վեր տիրող կացութիւնը, ընկերատնտեսական անարդարութեան հիմքերը եւ այս տարի տեղի ունեցած յեղափոխութեան ծնունդ տուող պատճառները: Ան խօսեցաւ դատական համակարգի անարդարութեան եւ իշխանութեան երեք սիւներուն միջեւ անհաւասարակշռութեան մասին: Ընկ. Սարաֆեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ, սակայն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եւ Սփիւռքի զօրակցութեամբ պատրաստ է ուղղուելու բարգաւաճման ուղիով: Ան վերահաստատեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր եւ միշտ պիտի կանգնի հայկական պետականութեան կողքին:(Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ)



 

Նշենք, որ Ընկ. Տոքթ. Սարաֆեան յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի մէջ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ լիբանանահայ գաղութին եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ: Բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին` իր լիբանանեան այս այցելութեան ընթացքին:

Լիբանան ժամանելէ առաջ, Ընկ. Սարաֆեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, գլխաւորելով Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը: