image

Արցախաբնակ սուրիահայը, որ կ'ատէ աղքատութիւնը. Ժիրայր Տօնապետեանը գոհ է կառավարութենէն, դժգոհ՝ բողոքի ցոյցերէն

Արցախաբնակ սուրիահայը, որ կ'ատէ աղքատութիւնը. Ժիրայր Տօնապետեանը գոհ է կառավարութենէն, դժգոհ՝ բողոքի ցոյցերէն

Սուրիահայ Ժիրայր Տօնապետեանի ընտանիքին պատերազմը չէր, որ Արցախ բերաւ: Նախքան Սուրիոյ  պատերազմը՝ 2009-ին  անոր 9 անդամներէ բաղկացած ընտանիքը տեղափոխուած էր հայրենիք, ուր Տօնապետեաններու 7 զաւակները որեւէ դժուարութիւն չեն ունեցած. «Հոն ալ հայերէն կը խօսէին, նորէն հայկական դպրոց կ'երթային, հոս չէ որ հայերէն սորուեր ենք, չէ: Հոն ալ տան մէջ ոչ մէկ բառ արաբերէն, ռուսերէն, կամ ուրիշ  լեզուով չէին խօսիր, այստեղ երբեմն արաբերէն կը խօսին, կ'ըսեմ՝ թող խօսին, որպէսզի չմոռնան, լեզու մըն է, բայց այնտեղ տան մէջ՝ հայերէն, կ'ըսէի՝ ան որ արաբ է, արաբերէն կը խօսիս հետը, ան որ քիւրտ է, քրտերէն, բայց հայերէնը չըլլար մոռնաս»,-կ'ըսէ Տօնապետեանը:

Բազմանդամ ընտանիքը ոչ միայն լեզուի հարցով յարմարուելու խնդիր չէ ունեցած, նաեւ ապրուստի, կը հաւաստիացնէ տանտէրը. 2002-ին Արցախ եղած էի, ծանօթացեած էի ու՝ որոշած, որ այստեղ պիտի ապրիմ: 7 տարի անց որոշումն ի կատար ածեցի:

Վարպետ Ժիրայրը մէկ սկզբունք ունի. Կ'ըսէ՝ չաշխատողին դրախտ ալ տանիս, կը փախչի, իսկ «Արցախը դրախտ է, հապա ի՞նչ է, եթէ հայրենիքդ է, ուրեմն արդէն դրախտ է»,-կ'ըսէ ան: Ան որոշած է, որ այս դրախտին մէջ կարելի է ապրիլ, հողագործութեամբ զբաղուիլ: Սուրիոյ մէջ արհեստաւորի աշխատանք կատարող բազմազաւակ հայրն այստեղ հողագործութեամբ կը զբաղուի:

Հողը կը վարձատրէ անոր, ով կը մշակէ, քարէն հաց կը հանէ, այդպէս ալ կ'ընէ  ու չի դժգոհիր, չարչարանք չկայ, դժուարութիւն՝ նոյնպէս: «Սուրիա ալ կ'աշխատէի, մարդ չկայ, որ առանց աշխատելու թագաւորի նման կրնայ ապրիլ, այնտեղ ալ մարդ կայ 20 ժամ կ'աշխատի: Քրտինքով մարդն ուր որ երթայ, կը ստեղծէ, ծոյլ մարդն է, որ կ'ըսէ դժուար է» համոզուած է ան:

Խոպան հողերուն կենդանութիւն տուաւ, ինչը շատերուն բարի նախանձը շարժեց, կը վստահեցնէ, որ ուրիշներն ալ իր օրինակին հետեւելով՝ սկսան հողագործութեամբ զբաղուիլ: Սուրիոյ մէջ ալ լաւ պայմաններու մէջ ապրած է, 7 զաւակ մեծցուցած է, ուսման տուած, ու հպարտութեամբ կը շեշտէ՝ ոչ այնտեղ, ոչ ալ հայրենիքի մէջ ոեւէ մէկէն օգնութիւն ակնկալած է:

«Մարդիկ կու գան, կ'ըսեմ՝ քանի երեխայ ունիք, -կ'ըսէ՝ երկու,  -ինչո՞ւ երկու, -կ'ըսէ՝ ո՞վ պիտի ապրեցնէ:  Այս դարուն չկայ մարդ, որ անօթութենէն մեռնի, երեխան իր հացը կը հանէ, քիչ մը մեծցաւ, պիտի երթայ աշխատի, դպրոցը  կառավարութիւնը կը հոգայ, վաղն ալ կրնայ երթալ անվճար ուսանիլ»,-սեփական փորձէն ելլելով կ'ըսէ 7 զաւակներու հայրը:

 

Երեխաները լիարժէք կրթութիւն ալ ստացած են, որոշները՝ համալսարանն աւարտած, մէկը դեռ ուսանող է, երեքը՝ դպրոցական, տղաներն ալ ծառայած են ու պիտի ծառայեն բանակ:

Արցախն այնպիսին է, ինչպիսին կը պատկերացնէր, կառավարութիւնն ալ կ'օգնէ՝ որքանով կրնայ: Օժանդակութիւնը լաւ է, բայց  մարդ յոյսը անոր վրայ պէտք չէ դնէ, այլ կառավարութիւնը պէտք է յենուի ժողովուրդին վրայ, համոզուած է ան:

Ժիրայր ժողովուրդի մտածելակերպի հանդէպ զայրոյթն արտայայտելով կը բացատրէ. «Եթէ ժողովուրդը առանց աշխատելու պիտի ապրի, կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կառավարութիւն պիտի դառնայ կամ փող պիտի ունենայ, որ ծախսէ ժողովուրդին վրայ, ժողովուրդը պէտք է աշխատի: Եթէ ժողովուրդը հարուստ է, կառավարութիւնը հարուստ է, իսկ եթէ ժողովուրդը ծոյլ է, կառավարութիւնը աղքատ է: Աղքատութիւն, աղքատութիւն, ինչո՞ւ աղքատութիւն, Հայաստանն ու Արցախը միասին հազիւ 3 միլիոն ժողովուրդ ունինք, պէտք է թագաւորի պէս ապրինք, ինչո՞ւ համար կ'ըսեն աղքատ են, ուրեմն չեն աշխատիր։

Արցախի մէջ, սակայն, ոչ բոլորը Տօնապետեանի նման կը մտածեն, գործող իշխանութիւններուն հանդէպ դժգոհութիւններն ու պահանջները այստեղ ալ կը շարունակուին, որոնք, սակայն, Ժիրայր Տօնապետեանի համար անընդունելի են:

«Ես չհաւնեցայ, ցոյցերը խելքս   չմտան: Առաջին անգամ երբ ցոյցի ելան, ըսի՝ պահանջներ ունին, իրենց պահանջները  կը ներկայացնեն, բայց հիմա ամէն մարդ որ պաշտօնեայ մը  չի հաւնի, ցոյցի կ'ելլէ, ճանապարհ կը գոցէ, չըլլար այսպէս, ընդհակառակը, այսպիսով մենք երկիրը կը քանդենք, ոչ թէ կը վերաշինենք»,-վստահ է արցախաբնակ սուրիահայը, որուն համոզմամբ, քաղաքացիին համար պէտք է որեւէ նշանակութիւն չունենայ, թէ ով է երկրի վարչապետն ու նախագահը, այլ ինքը պէտք է աշխատի ու, ինչպէս կ'ըսեն, «թագաւորի պէս» ապրի:

Կառավարութիւնը շատ լաւ է, ամէն ինչով լաւ է, եթէ յոյսդ  կառավարութեան վրայ պիտի դնես, պէտք է նախ դուն աշխատիս:

Ես կը տեսնէի՝ Սուրիա այդքան գործ կար, բան կար, բայց մարդիկ կային, որ դպրոցը չէին  շարունակեր, մեծ մասը չէին շարունակեր, արհեստով կը զբաղէին, օրինակ ես մինչեւ 6-րդ դասարան սորված եմ, աւելին չեմ ուսանած, արհեստի ետեւէն էի, արհեստը աւելի դրամ  կը բերէր, անոր համար արհեստի կը մտնէինք,  հոս ամէն զարգացած են, ուսանած են:

Աշխատող մարդուն ինչ տարբերութիւն՝  ով է նախագահը, ով է վարչապետը, ասոր կամ անոր մէջ ինչ տարբերութիւն, կ'աշխատինք, քրտինքով կ'ապրինք, ով չաշխատիր՝  չապրիր։

Այստեղ մենք մեզի շատ լաւ կը զգանք, ամէն մարդ կը յարգէ մեզի, աշխատող մարդը ուր երթայ, կը յարգուի: Սուրիա ալ շատ յարգուած էինք, հայերուն շատ կը յարգէին, ոչ մէկ խնդիր ունեցած ենք։ Հոս ալ մեր հայ ժողովուրդն է, օտար չենք զգար: Արցախն ալ մեր երկիրն է, Հայաստանն ալ մեր երկիրն է, ոչ մէկ տարբերութիւն, նոյն հողն է, նոյն ժողովուրդն է, նոյն ազգն է:

 

 

Հարցազրոյցը՝  Վարդուհի  Արզումանեանի