image

Պետրոս Դուրեանի գերեզմանին առջեւէն անճոռնի մարմարեայ կոյտը վերցնելու համար ստորագրահաւաք

Պետրոս Դուրեանի գերեզմանին առջեւէն անճոռնի մարմարեայ կոյտը վերցնելու համար ստորագրահաւաք

 

Պետրոս Դուրեանի շիրմասիւնին ճիշդ առջեւը, այսինքն հոն ուր կը ննջէ մեծ քերթողը, տեղադրուած է մարմարիոնէ հսկայ քարակոյտ մը։ Դուրեանի շիրմին նրբութեան հետ անհամաչափ ու աններդաշնակ այդ զանգուածին վրայ քանդակուած է «Իմ մահը» բանաստեղծութեան բնագիրն ու թրքերէն թարգմանութիւնը։ Պատմական յուշարձան մը նկատուող շիրիմը տեղադրուած այս հսկայ քարակոյտով աղաւաղուած է եւ վայրը, որ նիւթ հայթայթած է մեր դասական գրականութեան հեղինակներուն, օտարացած է այլեւս իր այցելուներէն։  «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը շիրմին ետեւի կողմը քանդակուած էր 1898-ին, Եղիշէ Դուրեանի կողմէ։  «Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի միայն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած՝ պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային՝ սիւնի ետեւ կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, պիտի ուրախանային իրենց գիւտով։ Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի է դառնալ շիրմին շուրջը, ուր մնաց կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը»: 
Ըստ երեւոյթին ինքնագլուխ կատարուած աշխատանք մը կայ մէջտեղը, ինչ որ աններելի զանցանք մը կարելի է նկատել երբ նիւթը կը վերաբերի Պետրոս Դուրեանի նման համազգային նուիրականութեան մը։ Ձեռնարկած ենք ստորագրահաւաքի մը, որպէսզի քայլեր առնուին այդ անճոռնի մարմարեայ կոյտը վերցնելու համար գերեզմանին առջեւէն։ Ներկից կը գտնէք ստորագրուելիք գրութիւնը։ Հաճեցէք ձեր համաձայնութիւնը ի-մակով մը (narekian2000@yahoo.com)  յայտնել (պարզ այո մը բաւարար է) եւ ձեր անունը կը դնեմ գրութեան տակը։

 

 

Փափաքելի է որ տարածէք նաեւ ձեր շուրջը։
Ստորագրութիւնները ամբողջացնելէ ետք զայն պիտի յանձնենք Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ պատրիարքական տեղապահ տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին։ Անշուշտ, հրապարակելով նաեւ մամուլին մէջ։
Կանխաւ շնորհակալութիւն ձեր հետաքրքրութեան ու նեցուկին համար։ 

Նախաձեռնող մարմին

 

 

Առ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատուարժան թաղային խորհուրդն Սկիւտարի

կրկնօրինակը՝ բարձր. տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին՝ տեղապահին

 

 

Պոլսոյ պատրիարքութեան Քերթող Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ կառուցուած է իր մահէն երկու տարի անց, 1874-ին, ժամանակակից մտաւորականութեան, ներառեալ Յակոբ Պարոնեանի հետեւողական ջանքերով, առաջին իսկ օրէն եղած է նուիրական վայր մը՝ հէք քերթողին ստեղծագործութիւններով խանդավառ բոլոր անձերուն համար, տարեց թէ երիտասարդ։ Անոնք շիրիմ այցելած են սէր խոստովանելու, քերթուածներ արտասանելու եւ Դուրեանով յագենալու։ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, անցեալէն այսօր, եղած է նաեւ մեր գրողներուն ստեղծագործութեանց առարկան. Զապէլ Եսայեան, Վահրամ Թորգոմեան, Վահրամ Մավեան եւ ուրիշներ իրենց տարբեր գրութիւններուն կամ ուսումնասիրութիւններուն մէջ արտայայտուած են այս շիրմին մասին։ Շիրիմը նոյն այդ ձեւով ու կառոյցով 1874-էն մինչեւ օրս հասած է մեզի՝ կրելով միայն աննշան փոփոխութիւններ (կատարուած իր եղբօր՝ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի կամ իր ձեռնասուն Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի տնօրինութեամբ) եւ ըլլալով ո՛չ միայն պոլսահայութեան, այլ նաեւ ողջ հայութեան հոգողութեան ենթական։ Ի խորոց սրտի կը գնահատենք Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի թաղային խորհուրդներուն տարած անձնուէր աշխատանքը՝ անաղարտ ու անվնաս պահելու համար Դուրեանի պատմական շիրիմը, հոն կատարուած նորոգութեան ու բարեզարդման անհրաժեշտ աշխատանքները։ Միաժամանակ սակայն կ՚ուզենք յայտնել մեր վրդովմունքը նորոգութեան վերջին աշխատանքներուն ժամանակ շիրիմին պատմական դիմագիծին տրուած վնասին կապակցութեամբ։ Դուրեանի շիրիմին առջեւ տեղադրեալ գրքաձեւ մարմարեայ կոյտը ո՛չ միայն կ՚աղաւաղէ պատմական շինութեան տեսքը, այլ նաեւ ձեւով մը անտեսել կը նշանակէ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքին կարգադրութիւնը, որու համաձայն «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը միայն պէտք է ըլլար շիրմին վրայ, յուշասիւնին ետեւի բաժինը, որպէսզի այցելուներ դառնային գերեզմանին շուրջ բոլորը ու իրենք յայտաբերէին զայն։ Մենք՝ ներքոստորագրեալներս, Պոլիսէն, Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն ու Հայաստանէն, կը փափաքինք որ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը վերստին ստանայ իր սկզբնական տեսքը, ըլլայ այնպէս ինչպէս որ աւանդուած է մեզի տասնեակ տարիներէ ի վեր, որպէսզի մենք ալ մեր հերթին զայն անաղարտ ձեւով աւանդենք յաջորդ սերունդներուն։ Մաղթելով յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ՝ կը յղենք մեր ջերմ ողջոյնները: