image

Փութինէն կոչ ուքրանացի զինուորականներուն՝ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը վերցնելու

Փութինէն կոչ ուքրանացի զինուորականներուն՝ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը վերցնելու

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փուին հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ, որու ընթացքին ուքրանացի զինուորականներուն կոչ ըրած է «իշխանութիւնը վերցնելու իրենց ձեռքը»:

Քրեմլի ղեկավարը յայտարարած է` «մեզի համար աւելի հեշտ պիտի ըլլայ բանակցիլ ձեզ հետ, քան թմրամոլներու եւ նէոնացիստներու հետ, որոնք հաստատուած են Քիեւի մէջ եւ պատանդ վերցուցած են ամբողջ ուքրանացի ժողովուրդը»:

«Թոյլ մի տաք նէոնացիստներուն օգտագործել ձեր երեխաները, ձեր կիները եւ ծերերը որպէս կենդանի վահան», ըսած է Փութին:

Փութինը աւելի վաղ չհիմնաւորուած մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Ուքրանիոյ կառավարութեան հասցէին` պնդելով, որ այն «նէոնացիստական» ռեժիմ է, որ կը ձգտի միջուկային զէնք ունենալու: