«Ազատագրական շարժումը-ն այսօր` Փետրուար 25-ին` Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան օրը, «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ յայտարարեց, որ կը մեկնարկէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ստորագրահաւաքը:
Շարժման ներկայացուցիչ Նայիրի Հոխիկեան ըսաւ, ստորագրահաւաքը պիտի իրականացուի ոչ միայն Երեւանի, այլեւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ, Արցախի մէջ: Անոր խօսքով, ստորագրահաւաքը պիտի իրականացուի ինչպէս թղթային տարբերակով, այնպէս ալ առցանց, որ աւելի շատ Սփիւռքի հայրենակիցներուն համար է:
«Մենք 44-օրեայ պատերազմում այդքան մարդկային ու տարածքային կորուստնէր չէինք ունենայ, եթէ չլինէր Նիկոլ Փաշինեանի ապազգային, դաւաճանական գործարքը թշնամու հետ: Հետեւաբար յանուն Եռաբլուրում պառկած տղաների, յանուն Զօրավար Անդրանիկի, յանուն Վազգէն Սարգսեանի մենք պարտաւոր ենք միաւորուիլ առանց կուսակցական շահերի: Մենք հրաւիրում ենք բոլոր քաղաքական ուժերին, անհատներին միասին գնալ այս ճանապարհով, որովհետեւ սա ոչ թէ իշխանութեան պայքար է, այլ հայրենիքի ազատագրութեան պայքար է», ըսաւ Հոխիկեան: