image

Փութինը, Փաշինեանն ու ԱՊՀ միւս առաջնորդները ծաղիկներ խոնարհած են Անյայտ զինուորի գերեզմանին (լուսանկարներ)

Փութինը, Փաշինեանն ու ԱՊՀ միւս առաջնորդները ծաղիկներ  խոնարհած են Անյայտ զինուորի գերեզմանին (լուսանկարներ)

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի, Ուզպեքիստանի, Խրխզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Թուրքմենսիտանի գործընկերներուն հետ միասին ծաղիկներ խոնարհեցուցած է Մոսկուայի Ալեքսանդրի այգին գտնուող Անյայտ զինուորի գերեզմանին։

Քրեմլինի գունդի զինուորները ղեկավարներու անունով ծաղիկներ դրած են հերոս քաղաքներու կոթողներուն առջեւ։

Յիշեցնենք, որ Յաղթանակի օրուան նախորդող օրը Ռուսիա ժամանած են Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու գործընկերները։ ՌԴ նախագահի հետ անոնք դիտած են Կարմիր հրապարակին վրայ կատարուած շքերթը։