image

Հալէպահայ պատանի Աւետիս Ֆիշէնքճեան բերման ենթարկուած եւ ապա.. ազատ արձակուած

Հալէպահայ պատանի Աւետիս Ֆիշէնքճեան բերման ենթարկուած եւ ապա.. ազատ արձակուած

Սուրիահայ պատանի Աւետիս Ֆիշէնքճեան, որ երէկ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած երթի աւարտին բերման ենթարկուած ու տարուած էր ոստիկանութեան բաժին, ազատ արձակուած է:

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց իրաւապաշտպան՝ Ռուբէն Մելիքեանի դիմատետրի էջէն:

 Մելիքեան նաեւ նշած է, որ ոստիկանները (ի դէպ  եւ ըստ  Մելիքեանի բերման ենթարկողները, եղած են քաղաքացիական հագուստով), ոչ մէկ բացատրութիւն տուած են, թէ ինչ պատճառով բերման ենթարկած են անչափահաս պատանին:

 Նշենք, որ Ֆիշէնքճեան արմատներով սուրիահայ է եւ ան անդամ է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միաւորին՝ ՀԵՄ-ին։