image

Տագնապին հետեւանքով Լիբանանի կարգ մը հիւանդանոցներ կրնան դադրիլ. Դեղորայքի մեծ տագնապ կայ

Տագնապին հետեւանքով Լիբանանի  կարգ մը  հիւանդանոցներ  կրնան  դադրիլ. Դեղորայքի  մեծ   տագնապ  կայ

Լիբանանի    ամբողջ տարածքին  բժշկական  սարքերու, ինչպէս նաեւ դեղորայքի սուր տագնապ մը    երեւելի  դարձած է։

 

 Ինչպէս  այլ  առիթներով  ալ  գրած ենք,  այս  տիպի  տագնապին   հիմնական   պատճառը ամերիկեան տոլարի     սակին  անսպասելի    բարձրացումն է,  որ նոյնպէս  պատճառ կը հանդիսանայ,    դեղորայքի եւ  բժշկական սարքեր  ներածող    ընկերութիւններուն      բախիլ     բարդ  կացութիւններու ու  աւարտին  ալ         յայտնուիլ անդամալուծուած  վիճակի մը մէջ։

 

 

 Եւ այսպէս մինչ  կառավարական մարմիններ      կը դերանան         մինչեւ   հիմա  առկայ պայմանաւորուածութիւնները  լուծելու, անդին      դեղորայք  ներածող  կազմակերպութիւններ   նոյնպէս չեն կրնար  կատարել իրենց վրայ  եղած պարտաւորութիւնները։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  ներկայ   պահու  դրութեամբ        տագնապահար  դրութեան մէջ    են    քաղցկեղէ տառապող  հիւանդները, որոնց  օգտագործած  դեղերուն  պակասը  դարձած է  երեւելի։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ կարգ մը հիւանդանոցներու մէջ   բժշկական   ծառայութիւնները կրնան   դադրեցուիլ, եթէ    պատկան մարմինները     ընդառաջ  երթալով     նեցուկ ցոյց չտան   դեղ եւ սարքեր  ներածող  ընկերութիւններուն։