Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը շարք մը հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի հարաւը գտնուող բնակավայրերուն, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է եօթը մարդ։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ իսրայէլեան անօդաչու սարքերը թիրախաւորած են Տիր շրջանի Ալ-Հաուշ գիւղաքաղաքը եւ քանի մը այլ շրջաններ։ Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը երկու հրթիռ արձակած են Տէյր Սիրեան բնակավայրին վրայ, որուն հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է։
Իսրայէլի բանակը «X»-ի էջին գրառումով նշած է․ «Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու օդանաւերը հարուածած են հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող ահաբեկչական ենթակառուցուածքները, զէնքի պահեստները եւ «Հըզպալլա» ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանող հրթիռային կայանները։ Այս պահեստներու, ենթակառուցուածքներու եւ կայաններու գոյութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրներու խախտում է»։