image

Քորոնայէն ետք նոր իրողութիւններ

Քորոնայէն ետք նոր իրողութիւններ

Ճամբորդութիւնները դարձած են մեր ժամանակներու մարդուն կեանքին անբաժան մասը: Ժամանակից մարդուն կեանքը կարելի չէ պատկերացնել առանց երկրէ երկիր, վայրէ վայր փոխադրուելու՝ ըլլայ այդ մէկը գործով, զուարճանքի, թէ անձնական որեւէ նպատակի համար: Քորոնավարակը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է օդանաւերու երկնակամարին մէջ չմարող ուղեգիծը: Մասամբ կամ ամբողջութեամբ կեցած են աշխարհի օդանաւային, զբօսաշրջային ընկերութիւններու մեծ մասին աշխատանքը: Սակայն այս դադարին օր մը վերջ պիտի տրուի եւ կրկին պիտի բացուին ճամբորդութեան ուղիները: Շատեր նախատեսած են յառաջիկայ ճամբորդութիւններ՝ մտածելով, որ մարդոցմէ հեռաւորութիւն պահելով եւ անվտանգութեան կանոնները յարգելով կրնան ճամբորդել: Բայց օդանաւուն մէջ գրեթէ անկարելի է հեռաւորութիւն պահելը. ահաւասիկ, ուղեւորներուն անվտանգութիւնը աւելի կանոնաւոր կերպով ապահովելու համար այսօր խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ կ՚ընթանան օդանաւերուն ներսի ձեւաւորումը փոխելու մասին: Մասնագէտները վստահ են, որ նոր արտադրուող օդանաւերը քորոնաժահրի համավարակէն ետք պէտք է վարակէն պաշտպանող նստատեղեր ունենան:

Նոր նստատեղերու ձեւաւորումը առաջարկած է Aviointeriors ընկերութիւնը, որ օդանաւերուն ներսի ձեւաւորման որոշ մանրամասնութիւններուն հեղինակն է: Ընկերութեան ներկայացուցած նոր նախագիծին համաձայն, նստատեղերը պատուած պիտի ըլլան կողային կերպընկալէ թափանցիկ կաղապարներով, որոնք կը կանխեն ուղեւորներուն անմիջական հաղորդակցութիւնը իրարու հետ: Այդ առողջապահական կաղապարները կը տեղադրուին նաեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող խնայողական կարգի նստատեղերուն վրայ: Արդէն պարզ է, որ թռիչքին աւարտէն ետք օդանաւային ընկերութիւններուն աշխատակիցները պէտք է ախտահանեն պաշտպանիչ այդ կաղապարները, որովհետեւ կերպընկալին վրայ ժահրը կրնայ գոյատեւել մինչեւ երեք օր:

Ձեւաւորման ուրիշ նախագծի մը համաձայն, նոր օդանաւեր կրնան արտադրուիլ եւ երեք հոգինոց շարքին մէջտեղ նստողը հակառակ կը նստի: Այդպէսով, պատնէշ մը կը գոյանայ երկու ծայրը նստողներուն միջեւ եւ մէջտեղի նստողն ալ ինքնաբերաբար պաշտպանուած կ՚ըլլայ: Ձեւաւորումները ներկայացուցած են արտադրող ընկերութիւններուն եւ շատ հաւանական է, որ յետքորոնայի ժամանակաշրջանի օդանաւերուն ներսը յարմարեցուած ըլլայ վարակի կանխարգիլման համար:

Մինչ ճամբորդական ընկերութիւնները կը շտապեն միջոցներ գտնել եւ վերաբանալ իրենց երթուղիները, անդին բնապահպանական կազմակերպութիւնները կ՚արձանագրեն օդանաւերուն չաշխատելուն հետեւանքով այն հսկայական օգուտը, որ ունեցած է կենսոլորտը: Մարտ ամսուայ ընթացքին ամբողջ աշխարհին մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիոն թռիչք չեղարկուած է, որուն հետեւանքով օդանաւերէն միայն մարտ ամսուան վնասակար արտանետումներուն քանակը նուազած է գրեթէ մէկ երրորդով, որ 31 տոկոսով պակաս է 2019-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:

Յայտնի է, որ աշխարհի ածխածինի արտաներտումներուն շուրջ 6 տոկոսը միայն օդանաւերուն աշխատանքին պատճառով կ՚ըլլայ: Կրկին մասնագէտները յայտարարած են, որ արտանետումներու այս կարգի նուազման կարելի էր հասնիլ, եթէ մօտաւորապէս 6 միլիոն ինքնաշարժ դադրեցնէր ճանապարհային երթեւեկութիւնը։

Մինչ նոր՝ պաշտպանուած նստատեղերով օդանաւերուն արտադրութիւնը, մարդիկ այս պահին զանազան միջոցներու կը դիմեն՝ քորոնավարակին վտանգը օդանաւին մէջ նուազեցնելու համար: Օրինակ, Սասեքսի դքսուհի Մեկան Մարքըլ պարզ միջոց մը առաջարկած է. ան ճամբորդող մարդոց խորհուրդ տուած է օդանաւ նստելէ առաջ քիթը պատել նեոսփորինի հականեխիչ քսուքով:

Շատ երկիրներու մէջ ճամբորդելու, տունէն դուրս ելլելու, հանրային կեանքի սահմանափակումները երկարաձգուած են մինչեւ մայիսի կէսերը: Իսկ որոշ երկիրներու մէջ մարդիկ բողոքի ցոյցերու ելած են՝ իշխանութիւններէն պահանջելով թեթեւցնել արտակարգ դրութեան պայմանները եւ ձգել, որ կեանքը աստիճանաբար վերադառնայ իր նախկին հունին: Վերջին ցոյցերէն մէկը, օրինակ, Պերլինի մէջ էր, ուր ցուցարարները չեն պահած իրարմէ անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը՝ այդպէսով ցոյց տալով, որ մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց քով քովի գալու: Իշխանութիւնները ցրուած են ցոյցը, բայց հանրային կեանքի սկսելու տրամադրութիւնները տակաւին առկայ են: Ուրիշ երկիրներու մէջ, հետեւելով Գերմանիոյ օրինակին, վարակուած են հանրային կեանքի սկսելու տրամադրութիւններով, պատճառաբանելով, որ նոյնիսկ Գերմանիոյ պէս օրինապահ երկրի մը բնակիչները անկարող են դիմանալ սահմանափակումներուն: Շատեր այս բողոքները կը յայտնեն՝ դրամական նեղ կացութեան առջեւ ինքզինք գտնելով: Համավարակը աննախադէպ հարուած է տնտեսութեան, ուստի երկիրները նոր ռազմավարութիւն կը մշակեն՝ կաթուածահար եղած ասպարէզները կեանքի կոչելու համար:

Իտալիոյ Մշակոյթի փոխ-նախարար Լորենցա Պուոնաքորսի յայտարարած է, որ իտալական իշխանութիւնները կազմակերպչական միջոցներ ունին՝ ծովափներուն անվտանգ հեռաւորութիւն ապահովելու համար, ուստի իտալական ծովեզրերը նախընտրող մարդիկը կրնան հանգստանալ ծովափներուն մէջ: Իտալացի պաշտօնեան նաեւ յայտարարած է, թէ այնքան ատեն, որ չկայ քորոնավարակի պատուաստանիւթը, կարելի չէ խօսիլ ամբողջութեամբ բնականոն կեանքի վերադառնալու մասին, սակայն իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի ծովափին կարելի ըլլայ գոնէ իտալացիներուն ամառնային հանգիստը կազմակերպել: Ծովափի կահաւորումը մեծ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի. պառկելու համար նախատեսուած տապանները պէտք է դրուին իրարմէ 10-14 մեթր հեռաւորութեամբ, իսկ տարեցներու համար կը սահմանուին ծովափ այցելելու յատուկ ժամեր, տարածքները կ՚ախտահանուին, ընդհանուր խաղահրապարակներ եւ ծովափնեայ զանգուածային ձեռնարկներ չեն ըլլար: Իտալիոյ կառավարութիւնը առայժմ այսքանով մտադիր է սկսիլ յառաջիկայ ամառնային շրջանը: Ան կը յաւելէ, որ կազմուած են յատուկ ընկերութիւններ, որոնք ապահով կերպով կը հեռացնեն ծովափի մարդոց կերած սնունդին մնացորդները, ատոնք չեն յայտնուիր ընդհանուր աղբամանի մէջ, այն նկատառումով, որ հանգստացողներուն մէջ թերեւս վարակակիր ըլլայ, սնունդին վրայ վարակը պահպանուի, իսկ ընդհանուր աղբամանէն տարածուելու վտանգը մեծ է:

Կան եւրոպական երկիրներ, որոնք, համաճարակը ընդունելով, արտակարգ դրութիւն չեն սահմանած եւ շարունակած են բնականոն կեանքը: Շուէտի մէջ, օրինակ, ձեւեր գտած են բնակչութեան հանրային առողջութիւնը պաշտպանելու, զուգահեռաբար չկործանելով ազգային տնտեսութիւնը, ինչպէս կործանեցաւ շատ մը երկիրներու մէջ: Համաճարակին ամբողջ ընթացքին եւ հիմա Շուէտի մէջ աշխատած են բոլոր կառոյցները՝ այդ կարգին մանկապարտէզներն ու կրթական կեդրոնները, բաց են եկեղեցիները, սափրիչի խանութները, վարսայարդարները, ճաշարանները, քաղաքացիներուն հանդէպ խիստ հսկողութիւն չկայ, բայց իրավիճակը իշխանութիւններուն ձեռքն է, ինքնահոս վիճակ մը չէ: Հոն արտօնուած են հեռահար աշխատանքները, արգիլուած են մեծաթիւ հաւաքները, ուշադրութեան տակ են տարեցներն ու հիւանդները… Շուէտի իշխանութիւնները միայն ցաւով յայտարարած են, թէ տխուր է պատկերը Շուէտի թրքական, սուրիական եւ սոմալական համայնքներէն ներս, ուր բարձր են վարակուածութիւնը եւ մահացութիւնը, իսկ այդ մէկը այն պատճառով, որ ներգաղթողներուն այդ խումբերը չեն կարողացած լիովին ընդունիլ շուէտական մշակոյթն ու կարգապահութիւնը: Այնուամենայնիւ, ամբողջ երկրի տարածքին մահացութեան ցուցանիշները բարձր են, մանաւանդ անմխիթար է վիճակը շուէտական ծերանոցներուն մէջ, կառավարութիւնը ամէն պարագայի, վերլուծումներու փուլին մէջ է, թէ ինչպէ՞ս վարակը թափանցած է հոն: Շուէտը բաց ձգած է մանաւանդ դպրոցներն ու համալսարանները՝ կանխելու համար պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ ընկճախտի եւ ճարպակալման վտանգը, որ այսօր առկայ է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Մասնագէտները կարգ մը հասարակութիւններէն ներս զանգուածային ճարպակալման եւ հաւաքական ընկճախտի մասին կը խօսին: Քորոնավարակին պարտադրած անշարժ կեանքն ու ապագայի անորոշութիւնը այդ ձեւով ձգած են իրենց հետքը: Շատեր աւելորդ կ՚ուտեն պարզապէս պարապութենէ եւ ճնշուածութենէ ու որովհետեւ, մեկուսացման պատճառով տունը շատ ուտելիք ամբարած են: Բժիշկները հաստատած են, որ 21-րդ դարու երկու հիւանդութիւններուն՝ ընկճախտին եւ ճարպակալման համար քորոնավարակը պարարտ հող եղած է եւ երկիրները կը մտածեն այն միջոցառումներուն մասին, որոնք համաճարակի աւարտէն ետք գործի պիտի դրուին նեարդային, սիրտ-անօթային եւ յարակից այլ հիւանդութիւնները կանխելու համար: Մինչ առողջ ապրելակերպի մասնագէտները խորհուրդ կու տան մեկուսացումի այս օրերը գործածել հաւասարակշռուած սնունդ ընդունելու, աշխոյժ առօրեայ ստեղծելու եւ այլ առողջապահական հարցեր կարգաւորելու, անդին մեծ թիւով մարդիկ նոյնիսկ գիշերազգեստը չեն հաներ, քանի ո՛չ հիւր կ՚ընդունին, ոչ ալ այցելութեան կ՚երթան: Գիշերազգեստը դարձած է քորոնա համաճարակին խորհրդանշական զգեստը:

Vogue նորաձեւութեան ամսագրի խմբագիրները կանխատեսած են, որ գիշերազգեստը համաճարակէն ետք կրկին կը վերադառնայ նորաձեւութիւն: Այս նիւթով յօդուած մը յայտնուած է պարբերականի կայքէջին մէջ: Հեղինակը համոզուած է, որ ապրիլ-մայիս ամսուն աշխարհի զանազան ընկերութիւններու մեծ մասին աշխատակիցները ստիպուած կ՚ըլլան տունէն աշխատիլ, ուստի յարմար ու հանգիստ գիշերանոցը կրնայ աւելի արդիական դառնալ ինքնամեկուսացման ամբողջ ժամանակահատուածին: Անոր կարծիքով, համաճարակի աւարտէն ետք, ապրանքանիշերը կը սկսին զանազան գործուածքներէ թեթեւ համադրութիւններ արտադրել, իսկ նորաձեւութեան քարոզիչները զանոնք կը կրեն դուրս ելած ատեն: Կը յիշեցնեն, որ տունէն դուրս ցայգազգեստ կրելու միտումը յառաջացած է տարիներ առաջ՝ նորաձեւութեան ցուցադրութիւններուն ժամանակ: Ինչպէս այն ժամանակ, այսօր ալ, կը նախատեսուի, որ դուրսը հագուելիք գիշերազգեստները կամ անոնց նման կարուած հագուստները զարդարուած ըլլան փետուրներով, թաւիշով եւ պսպղուն քարերով:

Իսկ Չինաստանի յետհամաճարակային շրջանը, հագուստի առումով, պիտի ընթանայ ըստ սահմանուած օրէնքներուն: Իրաւապահները կը տուգանեն այն մարդիկը, որոնք փողոցը կոկիկ չեն հագած, մանաւանդ այն տղամարդիկը, որոնք փողոցը կը քալեն առանց վերնաշապիկի, որ «փեքինեան պիքինի»ին վառ տարբերակն է, երբ տղամարդիկ կը բարձրացնեն վերնաշապիկները եւ ամրան կը մերկանան։ Աշխարհի մէջ յայտնի «փեքինեան պիքինի»ն առաջին անգամ արգիլուեցաւ իր ծննդավայրին մէջ: Պատճառը քորոնա վարակին հնարաւոր կանխարգիլումը եւ երկրի բը-նակչութիւնը այս աղէտէն ետք կոկիկ ներկայացնելն է:

Չինական բազմաթիւ տարօրինակ սովորութիւններ, այս վարակին պատճառով, պատժելի դարձած են: Անոնցմէ մէկը չինացի տղամարդոց երկար եղունգներ ունենալու սովորոյթն է, որ նոյնպէս արգիլուեցաւ: Չինական հասարակութեան մէջ քորոնայի տարածումէն ետք զսպուած է նաեւ ճպճպոցով ուտելու չինական սովորոյթը: Եթէ չինացին փորձէ ցոյց տալ, որ ճաշը սիրած է, ապա ան անպայման ձայնով կ՚ուտէ: Այս մէկը ազգային սովորութեան պէս բան մըն էր: Քորոնան վերջ տուած է նաեւ այդ տհաճ սովորութեան եւ ամէն մարդ կը ջանայ ուտել բերանը գոց: Ընդհանրապէս, օտարերկրացիներուն շատ դժուար է հասկնալ չինացիներուն շատ տարօրինակ սովորոյթները: Մինչեւ հիմա աշխարհը ապշած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ուտել թռչող մուկը՝ մաշկաթեւիկ չղջիկը, որմէ, ըստ վարկածի, սկիզբ առած եւ տարածուած է նոր քորոնաժահրը:

…Քորոնայի ժամանակներուն կանխատեսումները շատ են:

Ուրիշ կանխատեսումով՝ համաճարակէն ետք աշխարհի մէջ սուրճի պակաս պիտի զգացուի: Կը նշուի, որ աշխատանքային ժամերու կրճատման, դրամատուներու փակման, երթեւեկի դժուարութիւններուն եւ աշխատողներու վարակուելու վախին պատճառով սուրճ աճեցնող երկիրներուն մէջ անհրաժեշտ պայմաններ եւ մարդկային ներուժ չկայ սուրճի հատիկները հաւաքելու համար: Քոլոմպիան, Պրազիլը եւ Փերուն արդէն յայտարարած են, որ սուրճի պաշարներու անբաւարարութիւն ունին: Շուկային մէջ նկատելի պիտի դառնայ սուրճի գինի բարձրացում: Իրենց կողմէ սուրճին գինը կը բարձրացնեն նաեւ ամիսներով անգործ մնացած սրճարանները՝ կրած վնասը նաեւ այդ կերպով փորձելով ետ բերել:

Յետհամաճարակին ուրիշ նորութիւն մըն ալ պիտի ըլլայ յատուկ շուներու կողմէ քորոնա վարակով հիւանդները որոշելը:

Medical Detection Dogs բարեսիրական կազմակերպութեան առաջարկած հետազօտութեան կը մասնակցին Լոնտոնի Առողջապահական եւ արեւադարձային բժշկութեան դպրոցի եւ Տարեմի համալսարանի մասնագէտները։ Ասկէ առաջ Medical Detection Dogs կազմակերպութեան վարժեցուցած շուները սորված են հոտոտելով պարզել քաղցկեղը, փարքինսոնի հիւանդութիւնը, մալարիան եւ որոշ մանրէական վարակներ։ Բարեսիրական կազմակերպութեան հիմնադիրը վստահ է, որ իրենց շուները կարող են որոշել նաեւ քորոնա կրող անձը: Անոնք այդ ձեւով օգնած կ՚ըլլան թէ՛ բժիշկներուն, թէ՛ իրաւապահներուն եւ որսացած մարդը անմիջապէս կը ղրկուի բուժման կամ մեկուսացման:

Մինչ շուները կը սորվին քորոնայի անտեսանելի հոտը, Apple եւ Google գերընկերութիւնները համատեղ ջանքերով կը ստեղծեն համաշխարհային համակարգ՝ հետեւելու եւ յայտնաբերելու քորոնայով վարակուածները: Ծրագիրը աւարտական փուլի մէջ է եւ հնարաւորութիւն կու տայ հսկել քորանայով վարակուածներուն հաղորդակցութեան շրջանակը եւ այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել առողջապահական մարմիններուն: Գերհսկայ ընկերութիւնները իրենց հաղորդագրութեան մէջ նշած են, որ տեղեկութիւնը պիտի ըլլայ խիստ գաղտնի՝ վարակուածներուն անունները հասանելի պիտի չըլլան հասարակութեան, բայց կարելի պիտի ըլլայ կանխել վարակին տարածումը: Ծրագրուած է յաւելուածը թողարկել մայիսին, իսկ ամրան զայն կը վերկառուցեն Android եւ iOS համակարգերուն մէջ: Մշակողները նախատեսած են, որ մարդոց հետեւելու այդպիսի համակարգը կ՚ընդգրկէ մոլորակին բնակչութեան կէսը, քանի որ շարժական սարքերուն 99 տոկոսը կը կրեն այդ ծրագրային համակարգերը: Աշխարհի մէջ iOS եւ Android ծրագրային համակարգերէն օգտուողներուն ընդհանուր թիւը, Bloomberg-ի տուեալներով, կը գերազանցէ 3 միլիառ մարդը:

…Շուները կը փրկե՞ն մարդկութիւնը քորոնայէն, պատուաստանի՞ւթը, թէ՞ գաղտնի հետեւման թուային համակարգը… Մինչ այս հարցադրումները զանազան քննարկումներու մէջ են, պզտիկ ու անտեսանելի վարակը նորանոր օճախներ կը փնտռէ մոլորակի վրայ՝ շուարած պահելով միլիոնաւոր մարդիկ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս