image

Ռուսիան հիմա կ՚ընդունի նոր իրողութիւնները. ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան պէտք է նոյնը ընեն. Ալիեւ

Ռուսիան հիմա կ՚ընդունի նոր իրողութիւնները. ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան պէտք է նոյնը ընեն. Ալիեւ

Մոսկուան, Փարիզն ու Ուաշինկթընը փորձած են ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Անոր պնդմամբ՝  իր գոյութեան շուրջ երեսուն տարուան ընթացքին Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները՝ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան, որեւէ քայլ չեն ձեռնարկած «արդարութեան վերականգնման»  համար:

«Եւ երբ մենք սկսանք ազատագրել մեր հողերը, այս երեք երկիրները սկսան ճնշում գործադրել մեր վրայ։ Ամէն մէկը կ՚օգտագործէր տարբեր գործիքներ, որ մեզի ստիպեն հրաժարիլ բռնած ուղիէն: Անոնք չէին ուզեր, որ մենք ազատագրենք մեր հողերը: Երբ անցեալ սեպտեմբերին վերջ դրինք անջատողականութեան, անոնք նորէն սխալեցան։ Անոնցմէ ոմանք դեռ կը շարունակեն սխալիլ։ Նկատի ունիմ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան։ Կը կարծեմ, որ Ռուսիան հիմա լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ կը կատարուի եւ կ՚ընդունի նոր իրողութիւնները։ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան պէտք է նոյն կերպ վարուին: Հակառակ պարագային իրավիճակը իրենց նախատեսածին պէս չըլլար։ Այդ երկիրները պէտք է աշխատին Ատրպէյճանի հետ, որ իր տնտեսութեամբ, բանակով, լայն միջազգային յարաբերութիւններով Հարաւային Կովկասի առաջատար երկիրն է»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։