image

Նախագահ Սիսիի Թուրքիոյ մասին կատարած յայտարարութիւնը լայն արձագանգ կը գտնէ

Նախագահ Սիսիի Թուրքիոյ մասին  կատարած  յայտարարութիւնը լայն արձագանգ կը գտնէ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթահ Ալ-Սիսիի յայտարարութիւնը Թուրքիոյ վտանգաւոր զաւթողականութեան մասին կը յիշեցնէ։ Այս մասին Al Monitor-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Եգիպտոսի ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամ, ռազմական հետախուզութեան նախկին սպա Թամէր Ալ-Շահաւին։

Տարածաշրջանին մէջ Եգիպտոսի ազդեցութիւնը վերականգնելու համար երկիրը կը փորձէ տարածաշրջանային դաշնակիցներ ձեռք բերել․ նշած է յանձնաժողովի անդամը՝ աւելցնելով, որ բացի Թուրքիայէն եւ Եգիպտոսէն՝ տարածաշրջանային իշխանութիւնը Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ձեռքն է։ Սակայն, ինչպէս կը կարծէ ան, Սէուտական Արաբիոյ մէջ չկան տարածաշրջանային ազդեցութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական եւ ռազմական այնպիսի բաղադրիչներ, ինչպիսիք կան Եգիպտոսի մէջ։

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախագահը Միւնխէնի մէջ իր ելոյթի ժամանակ յիշատակած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը՝ այն չանուանելով ցեղասպանութիւն։ Եգիպտոսի Հայ դատի կոմիտէն նախագահի յայտարարութիւնը որակած էր որպէս Հայոց ցաղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուած քայլ։