image

Ո՞վ պիտի ըլլայ կառավարութեան մէջ Լիբանանի երկրորդ հայ նախարարը

Ո՞վ պիտի ըլլայ կառավարութեան մէջ Լիբանանի երկրորդ հայ նախարարը

Մինչ երկիրը կը շարունակէ մնալ առանց կառավարութեան, անդին լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը տարածեն կառավարութեան մէջ երկրորդ հայ նախարարի անուան վերաբերեալ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն:

Մեր աղբիւրներուն հաղորդմամբ, շատ հաւանական է, որ վարչապետ Հարիրիի կազմելիք կառավարութեան անդամ երկրորդ հայ նախարարը ըլլայ թեկնածուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:

Նշեքն նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են բազմաթիւ անուններ, սակայն մինչեւ այս պահը յստակ տուեալներ չեն փոխանցուիր:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ, լիբանանահայ համայնքը եւ յատկապէս Արամ Ա.  Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի պատասխանատուները յայտարարութիւններ կատարած էին այս խնդրին վերաբերեալ, նշելով, որ շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, որ լիբանանահայութիւնը ճիշդ ձեւով ներկայացուի կառավարութեան մէջ, եւ եթէ առաջին նախարարական աթոռը տրուի  ՀՅԴ-ին, ապա երկրորդ նախարարական աթոռը պէտք է կիսեն միւս երկու աւանդական քաղաքական ուժերը, այսինքն՝ ՌԱԿ-ը եւ ՍԴՀԿ-ը:

Յիշեցնենք, որ հինգ ամիսներէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ մնալ առանց կառավարութեան եւ ըստ երեւոյթին վերջին շաբաթներու զարգացումները ցոյց կու տան, որ կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին կրնայ յամենալ: