image

Արդեօք ԱՄՆ պիտի զրկէ Լիբանանը մարդասիրական օգնութիւններէ. Թրամբ կը սպառնայ

Արդեօք ԱՄՆ պիտի զրկէ Լիբանանը մարդասիրական օգնութիւններէ. Թրամբ կը սպառնայ

Իսրայէլեան «Debka» հետախուզական կայքը Լիբանանն ու Պաղեստինը մարդասիրական օգնութիւններէ զրկելու մասին Թրամբի յայտարարութիւնը լուրջ համարած է, նկատի ունենալով այն, որ Թրամբ սովորաբար նիւթականի հետ կապուած խնդիրներու քննարկման մէջ միշտ լրջութիւն ցուցաբերած է:

Կայքին փոխանցմամբ, Թրամբ անցնող չորեքշաբթի օր թուիթերեան իր էջին կատարած գրառման մէջ նշած էր հետեւեալը. «Տարեկան հարիւրաւոր միլիոն տոլարի օգնութիւններ կը տրամադրենք պաղեստինցիներուն, սակայն այդ մէկը անոնց կողմէ երբեք չէ գնահատուած, եւ անոնք չեն ցանկար Իսրայէլի հետ շատ ուշացած խաղաղութեան հաստատման ուղութեամբ  քննարկումներ իրականացնել: Նկատի ունենալով այն, որ պաղեստինցիներն այլեւս խաղաղութեան բանակցութիւններու մասնակցելու պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերեր, հետեւաբար ինչո՞ւ շարունակենք նման մեծ գումարներու օգնութիւններ տրամադրել»:

Կայքը չորս կէտերու մէջ ամփոփած է «Ֆաթըհ» շարժման ղեկավարին հետ հանդիպում ունեցած Հասան Նասրալլայի պատասխանը Թրամբի յայտարարութեան:

Առաջին՝ Նասրալլա վստահեցուցած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ օգնութիւնները դադրեցնելու պարագային պաղեստինցիները կրնան Իրանին եւ «Հըզպալլա»ին վստահիլ: Երկրորդ՝ կայքին կարծիքով, «Ֆաթըհ»ի եւ «Համաս»ի միջեւ հաշտութիւն կայանալու հանգամանքը պայմանաւորուած է վերջինիս որոշման վրայ «Հըզպալլա»ի ունենալիք ազդեցութեամբ: Երրորդ՝ կայքը դիտել տուած է, որ Ապպաս պարտաւոր է ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը, միաժամանակ նշելով, որ վերջինս ստիպուած էր «Ֆաթըհ»ի կողմէ ներկայացուցիչ ուղարկել Նասրալլայի հետ հանդիպելու, նախքան Թեհրան մեկնիլը «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Չորրորդ՝ կայքը կարծիք յայտնած է, որ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ «Համաս»ի եւ «Ալ Ճիհատ Ալ Իսլամի» շարժման տրամադրուող օժանդակութիւնը Յորդանանը դուրս մղած է իրադարձութիւններու ասպարէզէն:

Յօդուածի աւարտին կայքը յայտնած է, որ ներկայիս ԱՄՆ նման քայլի կը նախապատրաստուի դիմել նաեւ Իրաքի նկատմամբ, այնտեղ նոյնպէս Իրանի գերակայութիւնը տկարացնելու նպատակով: