Իսրայէլը խոստացած է քայլեր ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ՝ մեղադրելով անոր երկու երկրի միջեւ առեւտրային գործարքները խախտելու մէջ, այն բանէ ետք, երբ Անգարան յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի պատճառով Իսրայէլի նկատմամբ առեւտրային սահմանափակումներու մասին: Այս մասին գրած է The Guardian-ը:
«Թուրքիան միակողմանիօրէն կը խախտէ Իսրայէլի հետ առեւտրային համաձայնագրերը, եւ Իսրայէլը ատոր դէմ անհրաժեշտ քայլեր պիտի ձեռնարկէ»,-ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը այդ որոշման համար։
«Էրտողանը հերթական անգամ կը զոհաբերէ Թուրքիոյ ժողովուրդի տնտեսական շահերը՝ աջակցելու համար Կազայի մէջ «Համաս»-ի մարդասպաններուն, որոնք բռնաբարած, սպանած եւ պղծած են կիներ, աղջիկներ, մեծահասակներ, ողջ-ողջ այրած են երեխաներու մարմիններ»,- գրած է ան X-ի գրառման մէջ։
«Իսրայէլը պիտի չենթարկուի բռնութիւններուն ու շորթման, թոյլ պիտի չտայ առեւտրային համաձայնագրերու միակողմանի խախտում եւ զուգահեռ քայլեր պիտի ձեռնարկէ Թուրքիոյ դէմ, որոնք պիտի վնասեն թրքական տնտեսութեան», -աւելցուցած է ան։
Իսրայէլն այժմ կը պատրաստէ «արտադրանքի ընդլայնուած ցուցակ», որուն մէջ ներառուած ապրանքները մտադիր է այլեւս չներմուծել Թուրքիայէն, ըսած է նախարարութիւնը: