Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը 5 յունուարին Երուսաղէմ պիտի ժամանէ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէի Հայոց Պատրիարքութեան մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը:
Յիշեցնենք, որ անցնող շուրջ երկու ամիսներուն Պատրիարք հայրը կը գտնուէր արտասահման ՝ Ամերիկա եւ ան աւարտելով իր հերթական այցը Երուսաղէմի Աթոռ կը վերադառնայ:
Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն Տ. Նուրհան Պատրիարքը Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն առընթեր շփումներ պիտի ունենայ Երուսաղէմ քաղաքի քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի անցեալ դեկտեմբերին Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին բանաձեւը լուրջ տագնապ ստեղծած էր Սուրբ Քաղաքին շուրջ:
Թրամբի որոշումին դէմ են, ոչ միայն արաբ պաղեստինցիները այլ նոյնպէս քրիստոնեայ եկեղեցիները գլխաւորութեամբ ՝ Վատիկանի տրուած որոշումը համարելով անընդունելի եւ ԱՄՆ նախագահին խորհուրդ տալով ետ դառնալ ծանր հետեւանքներու հանգեցնող այս որոշումէն: