Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը հաստատած է, որ Ուաշինկթընը թոյլ տուած է Ուքրանիոյ հեռահար հրթիռներով հարուածել Ռուսիոյ տարածքին մէջ գտնուող ռազմական թիրախները։
«Խօսքը մինչեւ 300 քմ հեռաւորութեան մասին է: Այնքան ալ շատ չէ, բայց այդ Պայտընի վարչակազմի որոշումն է»,-աւելցուցած է Պորելը:
Միեւնոյն ժամանակ ան տեղեկացուցած է, որ ԵՄ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին հնարաւոր չէ եղած ընդհանուր յայտարարի գալ Ուքրանիոյ կողմէ Ռուսական տարածքներուն եւրոպական զէնքով հեռահար հարուածներ հասցնելու թոյլտւութեան հարցով:
«Իւրաքանչիւր երկիր ինքնուրոյն պիտի որոշէ՝ ինչպէս վարուիլ այս հարցով»,- աւելցուցած է պաշտօնեան։
Աւելի վաղ Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ դեռ դէմ է Քիեւին Taurus թեւաւոր հրթիռներու տրամադրման։ Իտալիան եւս հրաժարած է թոյլ տալ Ուքրանիոյ օգտագործել իր զէնքը Ռուսիոյ դէմ։
Միաժամանակ, Փենթակոնի պաշտօնական ներկայացուցիչները ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած են, որ թոյլ տուած են Քիեւին օգտագործել ամերիկեան հեռահար զէնքերը Ռուսիոյ մէջ ռազմական թիրախներու դէմ: