Հայ-ատրպէյճանական սահմանին Հայաստանի կողմը դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Եւրոմիութիւնը դեռ չի յստակեցներ՝ առաքելութեան ժամկէտի աւարտէն յետոյ աւելի քան 200 քաղաքացիական դիտորդները պիտի շարունակե՞ն մնալ, թէ՞ ոչ։
Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, ըսած է՝ դեռ վերջնական որոշում չկայ։ Չյստակացուց նաեւ՝ պաշտօնական Երեւանը արդեօք դիմա՞ծ է առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու խնդրանքով։
«Առաքելութեան երկարացման մասին որոշումը դեռ վերջնականացուած չէ, բայց մենք կ’աշխատինք այդ հարցին շուրջ։ Այն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկման փուլին է», – ըսաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպանը:
2023-ի Փետրուարէն ի վեր, երբ Հայաստան եկան եւրոպացի դիտորդներ՝ Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Եղէգնաձորի, Մարտունիի եւ Իջեւանի գրասենեակներէն հայ-ատրպէյճանական սահմանները դիտարկելու եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան նպաստելու առաքելութեամբ, հայկական կողմը կը կարեւորէ անոնց ներկայութիւնը, Ատրպէյճանը՝ պարբերաբար կը քննադատէ անզէն դիտորդներուն, նոյնիսկ լրտեսութեան մէջ կը մեղադրէ։ Ատրպէյճանի բանակի գլխաւոր շտաբի պետը անցեալ ամիս եւս մէկ անգամ քննադատած էր Հայաստանի մէջ տեղակայուած եւրոպացի դիտորդները՝ պնդելով, թէ ատիկա կը սրէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, կը խոչընդոտէ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման, նշած է, թէ անոնք «կը լրտեսեն Ատրպէյճանի տարածքը՝ հնարաւոր նոր սադրանքի» նախապատրաստման համար: