image

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Լռութիւնը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Լռութիւնը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Կարելի չէ բացատրութիւններ փնտռել, ոչ ալ մեղմացուցիչ պատճառներ որոնել: Երկրի մը գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան բացայայտ ոտնակոխում կայ: ՄԱԿ-ի ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումը դատապարտելը բաւարար չէ:

Մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, միշտ ալ հաւատարիմ ու բծախնդիր եղած ենք Հայաստանի ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքի բոլոր դժուարութիւններուն հասնելու առումով: Լիբանան-Հայաստան կապը զօրացնելու, բարգաւաճեցնելու եւ նոր հեռանկարներ ստեղծելու համար ոչ մէկ ճիգ խնայած ենք, անկախ անկէ, թէ ո՛վ կը գտնուի իշխանութեան վրայ:

Հայրենիքին հզօր մնալը բոլորիս համար լաւ է: Սակայն փոխադարձ զօրավիգ կանգնելու պահանջը պարտաւորիչ է:

 

 

Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ կատարուող ռմբակոծումներուն, ցամաքային ներխուժումին եւ ընդհանրապէս տարբեր շրջաններու մէջ ի գործ դրուող հրթիռարձակումներուն եւ իրականացուող անմարդկային արարքներուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները հակազդող-դատապարտող գէթ մէկ հաղորդագրութիւն իսկ չհրապարակեցին, ոչ մէկ կեցուածք որդեգրեցին:

Լիբանանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, անցնող տարիներուն Լիբանան միշտ ի նպաստ Հայաստանի դիրքորոշուած է արաբական եւ իսլամական գերաստիճաններուն: Լիբանան իր տարբեր նախարարութիւններով բարեկամական գործակցութեան յուշագիրներ ստորագրած է: Վերջապէս, լիբանանահայութիւնը, որ սփիւռքի հիմնական եւ կարեւոր գաղութներէն մէկը կը նկատուի, գէթ` իր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանով, Հայ աւետարանական կեդրոնատեղիով, միութիւններով, եկեղեցիներով եւ կուսակցութիւններով, միշտ ալ թիկունք կանգնած եւ օգնած է Հայաստանին` տարբեր փուլերու եւ տարբեր պայմաններու տակ: Այս բոլորը նկատի ունենալով` այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւններուն լռութիւնը եւ այսպէս անտեսումը իսկապէս զարմանալի է:

Կարելի չէ բացատրութիւններ փնտռել, ոչ ալ մեղմացուցիչ պատճառներ որոնել: Երկրի մը գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան բացայայտ ոտնակոխում կայ: ՄԱԿ-ի ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումը դատապարտելը բաւարար չէ:

Մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, միշտ ալ հաւատարիմ ու բծախնդիր եղած ենք Հայաստանի ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքի բոլոր դժուարութիւններուն հասնելու առումով: Լիբանան-Հայաստան կապը զօրացնելու, բարգաւաճեցնելու եւ նոր հեռանկարներ ստեղծելու համար ոչ մէկ ճիգ խնայած ենք, անկախ անկէ, թէ ո՛վ կը գտնուի իշխանութեան վրայ:

Հայրենիքին հզօր մնալը բոլորիս համար լաւ է: Սակայն փոխադարձ զօրավիգ կանգնելու պահանջը պարտաւորիչ է:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»