Սուրիա- «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով Ռաքքա բնակող վերջին հայերը հեռացած են շրջանէն: Այս մասին տեղեկութիւնը յաջողեցանք ճշդել Հալէպի մեր աղբիւրներէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 30 Սեպտեմբերէն սկսեալ Ռաքքայի մէջ իրավիճակը կտրուկ կերպով ծանրացած է, որուն հետեւանքով մեր հայրենակիցները (5-6 հայ ընտանիքներ) սոիպուած եղած են հեռանալ դէպի Հալէպ եւ Լաթաքիա: Մեր աղբիւրը նշեց, որ Ռաքքայի մէջ ըմպելի ջուրի, ելեքտրականութեան, հիւանդանոցային խնամքի բարդ իրավիճակներ ստեղծուած են (տասնեակ բժիշկներ հեռացած են քաղաքէն): Աղբիւրը կը նշէ, որ Ռաքքայի հետ միջքաղաքային հեռախօսի եւ համացանցային կապերը ընդհանրապէս կտրուած են: Ռուսական կործանիչներ ծանրօրէն կը հարուածեն ISIS-ի գլխաւոր կեդրոնատեղիները եւ քաղաքին մէջ տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ: Նոյն առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ մեր հայրենակիցներու բնակարանները գրաւուած են ISIS-ի ահաբեկիչներուն կողմէ: Զինեալները, խոյս տալու համար կործանիչներու հարուածներէն, դատարկ բնակարաններ կը գրաւեն եւ այդ բնակարանները որպէս թաքստոց կ'օգտագործեն: Կան նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ, որոնց մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ խոյս կու տան դէպի Իրաք: