Տարածաշրջանային նշանակութիւն կրնայ ունենալ երրորդ ուշագրաւ երեւոյթը` Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութեան հասնիլը: Սէուտական Արաբիան արաբական աշխարհին մէջ եղանակ ճշդող պետութիւն է: Ռիատը Թեհրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւն կնքած էր այս պատահարներէն բաւական առաջ: Այս մէկը արաբական աշխարհէն գալիք օժանդակութիւններու դուռ բացող քայլ կրնայ նկատուիլ: Կարեւոր է նշելը, որ ստանձնող կողմը լիբանանեան կառավարութիւնն է, ի տարբերութիւն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն Պէյրութ հասած օժանդակութիւններուն:
Աղէտահարը շիի համայնքն է: Գաղթականները` շիի համայնքի միլիոնաւորները: Առաջին օգնութիւնը սիւննի աշխարհի կեդրոնէն ուղղուած է իսլամական այլ դաւանանքի հետեւորդ բնակչութեան:
Շաբաթավերջը Լիբանանի մէջ յատկանշուեցաւ ցամաքային գործողութիւններով, ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից երկիրներու դատապարտանքի շարունակութեամբ: Տարածաշրջանային արձագանգներուն շարքին լուսարձակի տակ պէտք է առնել Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ միացեալ պաշտպանողական գիծ կազմելու, ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումներուն:
Հետաքրքրական է այս պարագային, որ Թուրքիան ի՛նք կ՛առաջարկէ միացեալ ճակատի մը կազմութիւնը, որուն ինք չի ներառուիր: Նման առաջարկ մը, խորքին մէջ կառուցուած է ռուս-իրանեան համատեղութեան վրայ, որ կը նպաստէ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ սուրիական ուղղութեամբ երեւցած ճեղքերու աղիւսումին: Աւելի հեռահար կտրուածքով նաեւ Կովկասի մէջ Իրանի եւ Ռուսիոյ հռետորական լարուածութեան եւ դիւանագիտական տագնապի նախադրեալներու շրջանցման:
Առաջադրուած գիծը սակայն ըստ էութեան Միացեալ Նահանգներուն դէմ է առաջին հայեացքով: Պարզ է միաժամանակ սակայն, որ Իրան ուղղակի կը հակադրուի Իսրայէլին եւ տարբեր ազդակներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթընին:
Մոսկուային դեր առաջարկելով Անգարան խորքին մէջ բացասական ազդակ կը յղէ Ուաշինկթընին, միաժամանակ ինքզինք դուրս ձգելով հակաամերիկեան այս առանցքէն: Դժուար ձեւաւորուելիք առանցք է Անգարայի առաջադրածը: Սուրիան աշխուժ չ՛երեւիր այս պատերազմին: Իր տարածքներուն վրայ Իսրայէլ յաջորդաբար կը հարուածէ իրանեան, ռուսական, սուրիական յենակէտեր, որոնց պատասխանը չի ստանար սուրիական տարածքներէ: Սուրիական լռութիւնը նախ եւ առաջ Մոսկուայի կողմէ թելադրուած կրնայ ըլլալ:
Թուրքիոյ առաջարկը այս բոլորին մէջ Մոսկուա -Թեհրան համատեղումէն աւելի Սուրիոյ ներգրաւումին կրնայ վերաբերիլ: Իսկ Սուրիան Թուրքիոյ համար ամէնէն առաջ անվտանգութեան գօտի կ՛ենթադրէ: Թուրքիոյ սահմանը քրտազերծելու առաջնահերթութիւնն է նման առանցքի կազմութեան ետին գտնուող թրքական շահագրգռուածութեան հիմնական պատճառը: Առաջադրուած առանցքը Անգարայէն ուրեմն, հիմնականին մէջ Իսրայէլ-քրտական գործօն համագործակցութեան խորացման արգելակումն է, տարածաշրջանի գլխաւոր ուժերուն կողմէ:
Երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերի իսրայէլեան բանակին, որ յղում կատարելով իր երկրի հետախուզական բաժանմունքին, կը յայտնէ, թէ Իրանէն եւ Հըզպալլայէն հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ կարեւոր ազդանշաններ ստացած է:
Անկախ յայտարարութեան բովանդակութեան հաւաստիութենէն, նման տեղեկութիւն թողարկելը իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրէ, որոշ նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Դրական ընթացքի մը տպաւորութիւն ձգելով իսրայէլեան կողմը ուղերձ կը փոխանցէ այս ձեւով:
Կարեւոր ազդանշանը բնականբար այս պարագային միայն իսրայէլեան կողմէն կարեւոր կը նկատուի: Իսկ կարեւորը կը նշանակէ, որ նկատի առնուելիք ազդանշան է, որուն շուրջ կարելի է պայմանաւորուիլ:
Երկրորդ հետեւութիւնը այն է, որ թէկուզ միջնորդուած, այնուամենայնիւ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու բանակցութիւն կ՛ընթանայ: Տակաւին ազդանշաններու մակարդակով:
Չմոռնանք, որ սպառնալիքի առաստաղը կտրուկ բարձրացնելէ ետք, ուղղակի Իրանը հարուածելու պատասխանի կարգով, Թել Աւիւը յայտարարեց, որ տակաւին չէ որոշած հակադարձութիւնը: Հիմա կը խօսի կարեւոր ազդանշանի մասին ոչ միայն Իրանէն, այլ նաեւ Հըզպալլայէն: Իսկ մինչ այդ իր նախապայմանը այն էր, որ Իսրայէլ պիտի չդադրեցնէ պատերազմը, մինչեւ որ իրականացնէ իր բոլոր նպատակները: Հըզպալլան կ՛առարկէր` հրադադար եւ ապա միայն բանակցութիւն:
Այս ձեւով իսրայէլեան կողմը կարեւոր ազդանշան նկատելով ըսել կ՛ուզէ, որ Հըզպալլան կը դիւրաբեկէ «հրադադար ետքը բանակցութիւն» իր բանաձեւը: Ինչ որ աւելի թէական կը դարձնէ տեղեկութիւնը եւ անոր կը հաղորդէ զուտ քարոզչական ուղղուածութիւն:
Տարածաշրջանային նշանակութիւն կրնայ ունենալ երրորդ ուշագրաւ երեւոյթը` Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութեան հասնիլը: Սէուտական Արաբիան արաբական աշխարհին մէջ եղանակ ճշդող պետութիւն է: Ռիատը Թեհրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւն կնքած էր այս պատահարներէն բաւական առաջ: Այս մէկը արաբական աշխարհէն գալիք օժանդակութիւններու դուռ բացող քայլ կրնայ նկատուիլ: Կարեւոր է նշելը, որ ստանձնող կողմը լիբանանեան կառավարութիւնն է, ի տարբերութիւն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն Պէյրութ հասած օժանդակութիւններուն:
Աղէտահարը շիի համայնքն է: Գաղթականները` շիի համայնքի միլիոնաւորները: Առաջին օգնութիւնը սիւննի աշխարհի կեդրոնէն ուղղուած է իսլամական այլ դաւանանքի հետեւորդ բնակչութեան:
Մարդասիրական քաղաքականութիւն մը պէտք է նկատել այս բոլորի ետին: Եթէ մէկ կողմէ ակունքը այս բոլորին, Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան կը հասնի, միւս կողմէ, գէթ որոշ կեդրոններու պատկերացումով, ռազմական երկրաշարժէն ետք Լիբանանի մէջ ներքաղաքական նոր քարտէսագծումի հեռանկարները կը պարզէ:
Աշխուժ ներգրաւուածութիւն մը կ՛երեւայ ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ: Միջնորդութիւն, նոր առանցքի կազմութեան առաջարկ, ուշագրաւ մարդասիրութիւն, սպառնալիք կամ կարեւոր ազդանշաններ` մայրիներու երկիրը կը տուայտի այս բոլորին մէջ: Երկիր, որուն նկատմամբ ծրագիրներ կը մշակուին, պատերազմներ կը սանձազերծուին, եւ իր հաշուոյն գործարքներ կ՛իրականանան:
Ազդանշանները, եթէ հաւաստի են, պէտք է յայտարարուին երկկողմանիօրէն: Ապա թէ ոչ անոնք այնքան կարեւոր կրնան չըլլալ:
«Ա.»